Ձմեռ
Ձմեռ, տարուան չորս եղանակներէն մին։ Կը հանդիսանայ աշնան յաջորդող, իսկ գարնան նախորդող եղանակը։ Տարուան ամէնացուրտ եղանակը։ Ձմեռնային արեւադարձի ժամանակ օրերը ամէնակարճն են, իսկ գիշերները՝ ամէնաերկարը։ Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին կը սկսի Դեկտեմբեր 21–ին ու կը վերջանայ Մարտ 21–ին (Յունուար, Փետրուար, Մարտ)։ Հարաւային կիսագունդի տարածքին՝ կը սկսի Յունիս 22–ին եւ կը վերջանայ Սեպտեմբեր 23–ին (Յուլիս, Օգոստոս, Սեպտեմբեր)։ Օդի ջերմաստիճանը կը նուազի, անձրեւ կը տեղայ, իսկ աւելի ցուրտ երկիրներ՝ ձիւն։ Միեւնոյն ժամանակաշրջանին հարաւային կիսագունդը կը վայելէ Ամրան եղանակը։ Այս ժամանակաշրջանին առաւօտը կը կարճնայ, իսկ գիշերը կ'երկարի, ուստի թռչունները կը գաղթեն տաք երկիրներ։
Ձմրան տեւողութիւնը 93 օր է՝ հիւսիսային կիսագունդի տարածքին եւ 89 օր՝ Հարաւային կիսագունդի տարածքին[1]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Ձմեռ, 2024-01-23, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%81%D5%B4%D5%A5%D5%BC, վերցված է 2024-10-23