Jump to content

Քիմ Ճոնկ Ուն

Քիմ Ճոնկ Ուն
քոր. 김정은
քոր. 金正恩
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Pak Un[1]
Ծնած է 8 Յունուար 1984(1984-01-08)[2][3] (40 տարեկան), 8 Յունուար 1983(1983-01-08) (41 տարեկան) կամ 8 Յունուար 1982(1982-01-08) (42 տարեկան)
Ծննդավայր Փհենյան, Հիւսիսային Քորէա
Քաղաքացիութիւն  Հիւսիսային Քորէա
Մայրենի լեզու կորեերեն?
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Կիմ Իլ Սոնգի համալսարան?
Կիմ Իր Սենի ռազմական համալսարան?
Liebefeld-Steinhölzli State School?[4]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Կորեայի աշծատանքային կուսակցության կենտրոնական կոմիտեի առաջին քարտուղար?, President of the State Affairs Commission?, Supreme Commander of the Korean People’s Army?, Supreme Leader of North Korea? եւ member of the Presidium of the Politburo of the Workers' Party of Korea?[5]
Կուսակցութիւն Կորեայի աշխատավորների կուսակցություն?
Ամուսին Ռի Սոլ Չժու?
Ծնողներ հայր՝ Կիմ Ջոնգ Իլ?, մայր՝ Կիմ Յոնգ Հի?
Երեխաներ Կիմ Ջու Է? եւ Kim Jong-ju?
Ստորագրութիւն

Քիմ Ճոնկ Ուն (նաեւ՝ Քիմ Չեն Ըն[6], քորէերէն՝ 김정은, Կիմ Ճոնկ-ըն), յայտնի նաեւ «Մեծ Յաջորդող» պատուանունով (8 Յունուար 1984, Փիոնկիանկ, Հիւսիսային Քորէա), Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն առաջնորդ, երկրի նախկին գերագոյն առաջնորդ Քիմ Ճոնկ Իլի երրորդ որդին եւ յաջորդողն է։

Քիմ Ճոնկ Ունի կեանքի մանրամասնութիւնները գաղտնի կը պահուէին ամբողջատիրական վարչակարգի կողմէ մինչեւ 2010։ Իննսունականներուն Փաք Չոլ ծածկանունով յաճախած է Զուիցերիոյ մասնաւոր դպրոցներէն մէկը։ 2002 - 2007 եղած է Քիմ Իլ Սունկի անուան Զինուորական Ակադեմիայի ուսանող։ 2010-ին ստանձնած է բարձր պաշտօններ խորհրդային կուսակցութեան եւ բանակին մէջ, ինչ որ ժառանգորդութեան փաստը պաշտօնաբար հաստատուելուն պատճառ հանդիսացաւ։ 29 Դեկտեմբեր 2011-ին, հօր մահուան յուղարկաւորութենէն մէկ օր ետք, Քիմ Ճոնկ Նամի կողմէ յայտարարուած է իբրեւ «մեր կուսակցութեան, բանակի եւ երկրի գերագոյն առաջնորդ»։

Ծննդեան Ժամանակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիմ Ճոնկ Ունի, ինչպէս նաեւ իր հայր Քիմ Ճոնկ Իլի ծննդեան տարեթիւը անյայտ է։ Տարբեր աղբիւրներ կ'առաջարկեն 1982, 1983 կամ 1984 թուականները։ Ըստ հետախուզական տուեալներու, ան ծնած է 1984-ին։ Անոր ծննդեան օրը՝ 8 Յունուարը յայտարարուած է Հիւսիսային Քորէայի պետական տօն եւ նշուած է պաշտօնաբար առաջին անգամ 2011-ին։

Դպրոցական Տարիները Զուիցերիոյ Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիմ Ճոնկ Ունի կեանքի մանրամասնութիւնները, անունը եւ լուսանկարները գաղտնի կը պահուէին մինչեւ ժառանգորդութեան գործընթացի սկիզբը։ Ան իննսունականներուն կ'ուսանէր Զուիցերիոյ մէջ։ Զուիցերիական մամուլը, ինչպէս նաեւ անոր դասընկերները փոխանցած են տուեալներ անբր դպրոցական տարիներու մասին։

Ըստ «Լ'Էպտօ» վերնագիրով զուիցերիական թերթի, ան Փաք Չոլ ծածկանունով մասնաւոր դպրոց կը յաճախէր Պեռն քաղաքին մէջ մինչեւ 1998։ Կը սորվէր անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուները։ Ըստ անոր դասընկերներու, վախկոտ եւ սակաւախօս էր, սակայն կը սիրէր դահուկամարզանքը եւ պէյսպոլը, ինչպէս նաեւ տարուած էր Պասքէթպոլի Ազգային Կազմակերպութեամբ եւ յատկապէս՝ Մայքլ Ճորտընով։

Քիմ Ճոնկ Ուն կը յաճախէր նաեւ Լիպեֆելտի պետական դպրոցը։ Ան Զուիցերիա մնացած է մինչեւ 1999-ի աւարտը կամ 2000-ի սկիզբը։ Ըստ նրա դասընկերներու, Քիմ անսպասելիօրէն անհետացած էր։

Ժառանգութեան Աստիճանական Յայտարարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային Քորէան աշխարհի վերջին համայնավար պետութիւններէն է։ Երկիրը տէ ֆաքտօ ունի «գերագոյն առաջնորդ», որ պէտք է ստանձնէ քանի մը բարձր պաշտօններ համայնավար կուսակցութեան (Քորէայի Բանուորական Կուսակցութիւն), բանակին եւ պետական այլ մարմիններու մէջ։ Գերագոյն առաջնորդի պաշտօնը ժառանգական է։ Նախորդ առաջնորդ Քիմ Ճոնկ Իլի ժառանգութեան գործընթացը մօտ քսան տարի տեւեց։ Այդ ընթացքին ան կը նախապատրաստուէր իր հօր՝ Քիմ Իլ Սունկի կողմէ (հաւանաբար 1976-էն մինչեւ 1994) ու զանազան պաշտօններ ստանձնեց (1980 - 1997)։ Իսկ Քիմ Ճոնկ Ուն միայն իր հօր վերջին տարիներուն ընտրուած է եւ ընդամէնը 2 տարի տեւեց իր նախապատրաստութիւնը։

Անոր հայրը սկիզբէն Քիմ Ճոնկ Նամը (իր աւագ որդին) կը նախընտրէր իբրեւ ժառանգորդ։ Սակայն վերջինս 2001-ին Ճափոնի սահմանապահներու կողմէ ձերբակալուած է կեղծ անձնագիրի պատճառով։ Հակառակ կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուելուն, Քիմ Ճոնկ Իլ փոխեց իր նախագիծը եւ հաւանաբար իր միջնեկ որդի Քիմ Ճոնկ Չուլը ընտրեց իբրեւ յաջորդ ժառանգորդ։ Բայց ըստ Քիմ Ճոնկ Իլի նախկին խոհարար Քենճի Ֆուճիմոթոյի, Քիմ Ճոնկ Չուլ չափազանց «աղջկաբարոյ» կը համարուէր երկիրը ղեկավարելու համար։

2008-ի Օգոստոսին ու կրկին Նոյեմբերին, ըստ հետախուզական տեղեկութիւններու, Քիմ Ճոնկ Իլ ուղեղի կաթուած ստացած է։ Հետագային պետական տօնակատարութիւններուն աւելի հազուադէպ կ'երեւէր։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, 2009-ին Քիմ Ճոնկ Իլ Քիմ Ճոնկ Ունը ներկայացուց երկրի պետական մարմիններուն, իբրեւ յաջորդող։ Քիմ Ճոնկ Իլի երրորդ որդին կը ներկայացուէր իբրեւ «Ճաճանչավառ Ընկեր» (영명한 동지, Եոնկմիոնկհան Տոնկճի

28 Սեպտեմբեր 2010-ին գումարուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի համայնավար կուսակցութեան խորհրդաժողովը եւ Քիմ Ճոնկ Ուն ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ 17 տարեկան ընդմիջումէ ետք, գումարուեցաւ նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի լիագումար նիստը, որպէսզի Քիմ Ճոնկ Ուն նշանակուի Կեդրոնական Զինուորական Յանձնաժողովի փոխնախագահ։ 10 Հոկտեմբեր 2010-ին Քիմ Ճոնկ Ուն իր հօր ընկերակցութեամբ մասնակցեցաւ կոմկուսի 65-ամեակի տօնակատարութեան: Այս մէկը ժառանգութեան միանշանակ արտայայտութիւն կը համարուէր։

2011-ին Քիմ Ճոնկ Ուն իր հօրը հետ կ'ընկերակցէր երկրի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող պաշտօնական այցելութիւններուն։ 2011-ին Քիմ Ճոնկ Ունի մրցակիցներէն շատերը հեռացուած են իշխանութենէն։

Քիմ Ճոնկ Իլի Մահէն Ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Դեկտեմբեր 2011-ին մահացաւ Քիմ Ճոնկ Իլը։ Անոր մահուան լուրը յայտարարուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի զլմ-ներու մէջ 19 Դեկտեմբերին, ու Քիմ Ճոնկ Ունը ներկայացուեցաւ իբրեւ «Մեծ Յաջորդող»։ 28 Դեկտեմբերին ան ղեկավարեց իր հօր թաղման արարողութիւնը։

Հիւսիսային Քորէայի մամուլը 24 Դեկտեմբեր 2011-ին Քիմ Ճոնկ Ունը յիշատակեց իբրեւ Քորէայի Ժողովրդական Բանակի գերագոյն հրամանատար։ 30 Դեկտեմբերին Քորէայի Բանուորական Կուսակցութեան Քաղաքական Գրասենեակը յայտարարեց, որ Քիմ Ճոնկ Ուն ստանձնեց քորէական Ժողովրդական Բանակի գերագոյն հրամանատարութեան պաշտօնը։ 9 Յունուար 2012-ին Հիւսիսային Քորէայի զինեալ ուժերը տօնական հաւաքման ժամանակ արտայայտած են բանակի հաւատարմութիւնը նոր ղեկավարի հանդէպ։

29 Դեկտեմբեր 2011-ին Քիմ Ճոնկ Նամ յայտարարեց, որ Քիմ Ճոնգ Ունն է երկրի կուսակցական, ռազմական եւ պետական գերագոյն ղեկավարը։ Այնուամենայնիւ, չնայած արդէն ստանձնած էր զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատարի պաշտօնը, միւս երկու անհրաժեշտ պաշտօնը (կոմկուսի գլխաւոր քարտուղար եւ Կեդրոնական Զինուորական Յանձնաժողովի նախագահ) դեռ ստանձնած չէ, այդտեղ ճանչցուած է միայն պաշտօնակատար։ Անիկա նշանակութիւն չունի, քանի որ Քիմ Ճոնկ Իլը միայն իր հօր մահէն երեք տարի ետք կրցաւ ստանձնել այդ երկու պաշտօնները։

29 Դեկտեմբեր 2011-էն Քիմ Ճոնկ Ուն կը համարուի Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն առաջնորդ ըստ համաշխարհային դիւանագիտական աղբիւրներու։

Քիմ Ճոնկ Ունի պատուանունները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիմ Ճոնկ Ունի յաճախագոյն կիրառուող պատուանուններն են «Մեծ Յաջորդող», «Ճաճանչավառ Ընկեր», «Արուսեակ Հրամանատար»։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]