Մեռեալ Ծով
Մեռեալ կամ Աղի ծով[1] (եբր.՝ ים המלח Եա՛մ հա-մէ՛լախ - «Աղի ծով»; արաբերէն՝ البَحْر المَيّت «Ալ-Պահր Ալ-Մայէթ» — «Մեռեալ ծով»), աղի լիճ Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ։ Լիճին աստուածաշնչեան անունն է Աղի ծով: Ծանօթ է նաեւ Արաւայի ծով (ים הערבה, Եա՛մ հա-Արաւա՛) եւ Արեւելեան ծով (ים המזרחי, Եա՛մ հա-միզրախի՛) անուններով: Մեռեալ ծովուն բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն 423մ. ցած է, եւ իւրաքանչիւր տարի մէկ մեթր ալ կը նուազի։ Լիճին մակարդակին նուազումը կանխելու նպատակով, Իսրայէլ կը նախատեսէ Կարմիր ծովէն ջրհաններու միջոցով ջուր հասցնել Մեռեալ ծով: Մեռեալ ծովը Երկիր մոլորակին ամենացած կէտն է։ Մեռեալ Ծովը նաեւ աշխարհի ամենաաղի լիճն է, աղին քանակը կը հասնի մինչեւ 342կ./քկ., կամ 34,2 % (2011)։ Անիկա 9.6 անգամ աւելի աղի է քան ովկիանոսը եւ ունի 1.24քկ./լիթր խտութիւն, որու շնորհիւ կարելի է լողալ առանց սուզուելու։ Լիճին շրջակայքին ցեխը բուժիչ յատկութիւններ ունի եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն է:
Մեռեալ ծովը աշխարհի վրայ հազուադէպ բնական երեւոյթ մը կը համարուի, որովհետեւ անիկա փակ լիճ մըն է, որ ոչ մէկ ձեւով իրեն դրացի ծովերուն (Միջերկրական եւ Կարմիր ծովեր) հետ կը կապուի: Անիկա կը համարուի նաեւ նախամարդուն ծննդավայրը, ինչպէս նաեւ երկնային կրօններուն բնօրրանը, հին քաղաքակրթութիւններու զարգացման կեդրոնը եւ դարաշրջաններու ընթացքին առեւտուրի եւ ռազմական նուաճումներու անցման ուղին:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Մեռեալ Ծովը եւ Յորդանանի լեռները
-
Ծովուն մօտակայքը յառաջացած փոսեր
-
Հանգստավայր՝ Յորդանանի մէջ
-
Ծովեզերքը
-
Մեռեալ Ծովուն արտադրութիւններէն
-
Աղի խաւեր՝ ծովեզերքը
-
Մեռեալ Ծովուն մէջ թերթ ընթերցող մը
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 52։ ISBN 99941-56-03-9
|
Ուիքիպահեստ նախագիծի Մեռեալ Ծով ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |