Jump to content

Պաղպաղակ

Պաղպաղակ

Պաղպաղակը հարուստ է փրոթիններով, ֆոսֆորով եւ երկաթով: Պաղպաղակը աւելի առողջապահական կը նկատուի, եթէ պատրաստուած է բնական պտուղներով, ոչ քիմիական նիւթերով եւ արհեստական գոյներով: Զայն յանձնարարելի չէ շաքարախտէ եւ գիրութենէ տառապողներուն:

Նախընտրելի է անօթի փորով պաղպաղակ չուտել, իսկ ստամոքսը չվնասելու համար զայն պէտք չէ ուտել անմիջապէս ճաշէն ետք:

Ատամնաբուժները կը թելադրեն պաղպաղակը ուտել դանդաղ եւ անմիջապէս անկէ ետք տաք ըմպելի չխմել, ինչպէս յաճախ սխալը կ'ընեն՝ սուրճ խմել պաղպաղակը ուտելէ ետք:

ժամանակակից պաղպաղակին խոհագիրը, որ գլխաւորաբար կաթ եւ շաքար կը գործածէ, հնարուած էր Թ. դարուն արաբներու կողմէ:

Արեւմտեան աշխարհը այս պաղպաղակին կը ծանօթանայ ԺԶ. դարուն: Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1744-ին է, որ առաջին անգամ կը յիշուի, որ նահանգապետ մը իր հիւրերուն պաղպաղակ հրամցուցած է:

Հակառակ ասոր` այժմ ամերիկացիները աշխարհի ամէնէն շատ պաղպաղակ սպառող ժողովուրդն են, իւրաքանչիւր անձ տարեկան միջին հաշուով 9 քիլօ պաղպաղակ կը սպառէ: Անոնք տարեկան մօտաւորապէս 6 միլիառ տոլար կը ծախսեն պաղպաղակի համար[1]:

Մինչ Քալիֆորնիան երկիրին ամէնէն շատ պաղպաղակ արտադրող նահանգն է, ամէնէն շատ պաղպաղակ ուտողները կ'ապրին Ուաշինկթընի, Ռոտ Այլընտի եւ Ուիսքանսընի մէջ:

Աշխարհի շուրջ գոյութիւն ունին աւելի քան 1000 տարբեր տեսակի պաղպաղակի համեր: Սակայն այս բոլորին մէջ գլխաւոր ընտրութիւնը կը մնայ վանիլան: Նախասիրուած համերն են` տուրմը, ելակը, անանուխն ու տուրմի կտորներով պաղպաղակը, կրկնեփը եւ քրեմը:

1790-ի խոհագիրներու գիրքի մը մէջ արդէն կարելի էր գտնել փարմըզան պանիրով, կոճապղպեղով, կամ նոյնիսկ սեւ հացի համով պաղպաղակի խոհագիրներ:

Մրցանիշ

Այս զովացուցիչ անուշեղէնը յատուկ տեղ ունի նաեւ «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Օրինակի համար, 2023-ին, գերմանացի Անտրէ Օրթոլֆ 30 երկվայրկեանի մէջ ամէնէն շատ պաղպաղակ ուտելու նոր մրցանիշ մը կ'արձանագրէ` 568 կրամ պաղպաղակ ուտելով:

2018-ին իտալացի Տիմիթրի Փանչիերա ուրիշ մրցանիշ մը կ'արձանագրէ մէկ հատ ուաֆըլ քոնի մը մէջ ամէնէն շատ պաղպաղակէ գունդեր` 125 հատ, հաւասարակշռութեամբ շարելով:

  • «Առողջութիւնն ու սնունդը», Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան, Պէյրութ, 2007

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]