Նանսենը եղած է կենդանաբանութեան փրոֆէսոր եւ աւելի ուշ աշխատած է Ռոյալ Ֆրետերիքի համալսարանէն ներս՝ Օսլոյի մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Նանսենը ընդգրկուեցաւ Ազգերու Լիկայի մէջ, որպէս բարձրագոյն Լիազօր՝ ռուս եւ գերմանացի գերիներու փոխանակութեան։ Այնուհետեւ, 1921-ին օգնութեան կը հասնի պոլշեւիկ Ռուսիոյ սովահար ժողովուրդին՝ մասնաւորաբար ապահովելով Մ. Նահանգներու օգնութիւնը եւ միաժամանակ կ՛օգնէ արտասահման փախած ռուս գաղթականներուն եւ կը ստեղծէ Նանսենի գաղթականներու անձնաթուղթ[9]։ 1938 թուականին ստեղծուած է Նանսենի ակադեմիան Լիլլեհամըրի մէջ, Նորվեկիա։ Այն կը գործէ մինչեւ օրս։ Նանսենը մահացած է Մայիս 13, 1930 թուականին (68 տարեկան) Նորվեկիա։
Նանսեն 1890 թուականին ամուսնացած էր Եւա Սարսի՝ յայտնի կենդանաբան Միքայէլ Սարսի աղջկան հետ։ 1893 թուականին կը ծնի անոնց աղջիկը՝ Լիւը, ով առաջին անգամ տեսաւ հօրը 3 տարեկանին։ Նանսենի բացակայութեան ժամանակ Եւան կը զբաղի երաժշտութեամբ։ Եւայի եւ Լիւի պատուին Նանսեն կ՛անուանէ կղզի, Ֆրանց Իոսիֆի հողին վրայ։ Յետագային Նանսեն կ՛ունենայ եւս 4 զաւակ։ Եւա Նանսեն կը մահանայ 1907 թուականին, երբ Նանսեն դեսպան էր Լոնտոնի մէջ։
Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդը. ամէն անգամ որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն անգամ սներ է անոր ազատութեան երազանքը։
Մարդ կը ձգտի դէպի գիտելիքները, եւ այն ժամանակ որ անոր մէջ կը մարի գիտելիքներու ծարաւը, ան մարդ ըլլալէ կը դադարի։
Ինծի համար դժուար է հաւատալ, որ որեւէ մէկը կարող է ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան, առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն։
Հայ ժողովուրդը հոգատարութեամբ պահպանելով իր հին ու ինքնատիպ մշակոյթը՝ յաջողութեամբ կը զարգացնէ այն՝ անոր տալով չտեսնուած փայլ։
Անհրաժեշտ է, որ դիմացինին նկատմամբ սիրոյ եւ ազնուութեան զգացումը համակէ մեր միտքերն ու արարքները, եւ մենք միշտ պէտք է յիշենք, որ սէրն ու համբերութիւնը անտառի ամենագեղեցիկ ծառերն են։
Մարդկութեան պատմութեան մէջ չկայ բան մը, որ իր հաւասարն ունենայ 1915 թուականին սկսած ջարդերուն հետ։ Ապտուլ Համիտի ջարդերը չնչին են այսօրուան թուրքերուն կատարածին համեմատութեամբ։