Jump to content

Փիլիսոփայ

Պղատոնը եւ Արիստոտելը (Ռաֆայելի որմնանկար)

Փիլիսոփայ (հին յունարէն՝ φιλόσοφος - իմաստասէր, իմաստութեան ձգտող, իմաստութիւն փնտռող) մարդ, որ կը զբաղի փիլիսոփայական խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ։ Լայն ընկալմամբ, իւրաքանչիւր մարդ (մտածող էակ) փիլիսոփայ է, քանի որ իր ներդրումն ունի մտածողութեան զարգացման մեջ։ Նեղ ընկալմամբ փիլիսոփայ կը կոչուի այն մարդը, որ որոշակի գիտելիքներ ունի տրամաբանութեան բնագաւառին մէջ եւ կրնայ առաջադրել ու լուծել փիլիսոփայութեան բնագաւառի խնդիրներ։ Փիլիսոփայ կրնայ կոչուիլ այն մարդը, որ կը պատկանի որոշակի փիլիսոփայական դպրոցի մը, որ կը կիսէ տուեալ դպրոցի գաղափարները կամ կ’ապրի համապատասխան այդ գաղափարներուն։

5 ամէնամեծ փիլիսոփաները, որոնք չափազանց տարօրինակ կերպով մահացած են[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սայմոն Կրիչլին՝ Նիւ Եորքի նոր դպրոցի փիլիսոփայութեան փրոֆեսորներէն մէկը, 2008-ին հրապարակած է աշխատութիւն մը՝ «Մեռած փիլիսոփաներու գիրքը» խորագրով։ Այս աշխատութիւնը կոչուած է ցոյց տալու, որ յայտնի իմաստուններու կեանքին մէջ ամէնահետաքրքիր պահերէն մէկը միշտ մահը կ'ըլլայ։

Ժիւլիէն Օֆրէտը Լամետրի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ամէնահայտնի ստեղծագործութիւնը՝ «Մարդ-մեքենան», տը Լամետրին գրած է 1748-ին Հոլանտայի մէջ, չնայած որ ինքը ֆրանսացի էր։ Անոր նիւթապաշտ դիտարկումները իր ժամանակակից գիտնականները չէին հաւնիր, այդ իսկ պատճառով փիլիսոփան անանուն կը հրատարակէր իր գիրքերը եւ անգամ ստիպուած եղած է արտագաղթել։ Որոշ պատմաբաններ կը նշեն, անոր մահը իր պատկերացումներու արտացոլումն էր, այսինքն՝ ամբողջովին «նիւթական»։

Տը Լամետրին մահացած է շատակերութենէն ու ագահութենէն։ Ան այցելած է Գերմանիայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին՝ Միսյօ Տիրկոնելիային։ Վերջինս ուրախացած է եւ որպէս ընթրիք մատուցած թրուֆելային բաշթեթ՝ այնպիսի քանակութեամբ, որ հիւրն անմիջապէս սրտխառնոց ունեցած է։ Սակայն մերժած է բժիշկներու օգնութիւնը, բոլորին խաբեբաներ անուանած է եւ իր վիճակը փորձած է թեթեւցնել արիւն թքելով եւ մահացեր է։

Իմաստունը կ'ապրէր Հին Հունաստանի մէջ, մ.թ.ա. մօտ 530-480-ականներուն։ Պաշտօնական գիտութիւնը զինք կը ճանչնայ Հերակլիտ Եփեսացի անունով։

Անոր գիտական տեսակէտները կ'ենթադրէին այլ մարդոցմէ ու հասարակութենէն կը հրաժարէին։ Իր ուսմունքը հաստատելու համար Հերակլիտը լեծներու մէջ մեկուսացեր էր, միայն գտած խոտաբոյսերով կը սնանէր։ Սակայն վատ սննդառութենէն որոշ ժամանակ անց հիւանդացեր է։ Ան հրաժարած է մեկուսացումէն եւ իջած է մարդոց մօտ՝ օգնութիւն փնտռելու, սակայն հրաժարած է աւանդական բժշկութիւնէն։ Հերակլիտը խնդրած է զինք պատել գոմաղբով եւ ձգել արեւի տակ։ Որոշ մարդիկ կը կարծեն, որ ան այդ ընթացքին խեղդուած է, իսկ ուրիղներու համաձայն՝ ջերմային կաթուած ստացած է։

Դիոգենեսը հին հոյն իմաստուն էր, որ չէր ընդուներ ոչ մէկ իշխանութիւն եւ չէր վախնար ուժեղներէն։ Ան միակն էր, որ հումորով արտայայտուած է Ալեքսանդր Մակեդոնացիի մասին եւ ողջ մնացած է։  

Դիոգենեսն ապրած է 90 տարի։ Սակայն ամէնահետաքրքրականը անոր մահուան պատմութիւնն է. շատերը կ'ըսեն, որ ան խեղդուած է կենդանի ութոտնուկ ուտելու պատճառով, միւսները՝ որ իմաստունը ինքնասպան եղած է՝ դադրելով շնչելէ։

XX դարի ֆրանսացի փիլիսոփան յայտնի է շնորհիւ սեռական կողմնորոշման եւ կեանքի տարօրինակ կեանք վարելու։ Միշել Ֆուկոն միասեռական սիրոյ վերաբերեալ աշխատութիւններու հսկայական ժառանգութիւն ձգած է։ 1984-ին ինքնիրեն սկսաւ վատ զգալ, սակայն բոլոր ախտանշանները կը խօսէին ընդամէնը ուժգին կրիփի մասին։ Չնայած հիւանդութեան՝ փիլիսոփան կը շարունակէր աշխատիլ իր «Սեռականութեան պատմութիւնը» գիրքին վրայ։ Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ Ֆուկոն ՁԻԱՀ-ով վարակուած եւ ատոր մասին վաղուց գիտէր։

Անոր մահն ինքնին նշանակալից չէր ըլլար, եթէ ատկէ անմիջապէս առաջ Ֆուկոն չսկսեր տենդագին ուսումնասիրել Սենեկայի աշխատութիւնները։ Հանելուկային կը համընկնէր իր մահվան օրը՝ Յունիս 25-ը, որ նաեւ Սենեկայի մահուան օրն էր։

  1. «5 ամենամեծ փիլիսոփաները, որոնք չափազանց տարօրինակ կերպով են մահացել - BlogNews.am»։ blognews.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2024-10-15