Տոնեցք (ուքր.՝ Донецьк), քաղաք Ուքրանիոյ արեւելեան մասը, Տոնեցքի մարզին մէջ։ Մինչեւ 1924 թուական քաղաքը անուանուած է Եուզովքա, 1924-1961 թուականներուն՝ Ստալինօ, իսկ 1961 թուականին քաղաքը ստացաւ Տոնեցք անուանումը։ Արուարձաններուն հետ միասին քաղաքին բնակչութիւնը կը կազմէ 1,7 մլն.մարդ։ Մեծ գործարարական եւ արդիւնաբերական կենդրոն է։ Քաղաքը բաժանուած է 9 վարչական շրջաններու։ Տարածքը 358 քառ. ք․մ․ է։