Գմբէթ
Արտաքին տեսք
Գմբէթ[1], երկրաչափութեան մէջ մարմին է, որ կը կազմաւորուի երկու բազմանկիւններու միացումով:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրաչափական գմբէթի առանձնայատկութիւնն այն է, որ հիմքի բազմանկիւնն ունի վերին հորիզոնական նիստէն երկու անգամ աւելի կողմեր: Այս երկու բազմանկիւններու միացումը կը կատարուի մէկզմէկու մէջ հաւասարասուր եռանկիւնիներու եւ ուղղանկիւնի լանջերու միջոցաւ: Գմբէթը ուղղաձեւ կ'ըլլայ այն պարագային, երբ միացնող եռանկիւնիները հաւասարակողմ են, իսկ ուղղանկիւնիները՝ քառակուսիներ:
Վերին նիստի ձեւէն կախուած գմբէթները կ'ըլլան եռանկիւնային, քառակուսային եւ հինգանկիւնային:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Բառի բացատրութիւնը հոս է՝ Հր.Աճառեան, Հայերէն արմատական բառարան, Ե., 1926 Գմբէթ