Jump to content

Աւագ Շաբաթ

Աւագ Շաբաթ (յունարէն՝ Μεγάλη Εβδομάδα — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող Մեծ Պահքի վերջին շաբաթը[1], որ կ'աւարտի Ս. Յարութեան տօնով (Ս. Զատիկ), որու ընթացքին կը յիշուի Վերջին ընթրիքը, Յիսուս Քրիստոսի դատավարութիւնը, տանջանքները, խաչելութիւնը եւ թաղումը։ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն անուան կը նախորդէ «Աւագ» բառը (Աւագ Երկուշաբթի, Աւագ Երեքշաբթի, եւ այլն)։

Արեւմտեան քրիստոնեաները զայն կը կոչեն «Սուրբ Շաբաթ», իսկ Արեւելեան եկեղեցիները «Աւագ Շաբաթ»[2]։

Աւագ շաբթուան օրերուն խորհուրդները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւագ Երկուշաբթի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յիսուս կ'անիծէ չորցած թզենին

Աւագ շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին[3], իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։ Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ՝

Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ե՛լ եւ ծովը ինկի՛ր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։


Այս առակով Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ՝ դուրսէն կանաչ, սակայն՝ անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ճիշդ ժամանակին կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու։ Նաեւ կը սորվեցնէ՝ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, աղօթքով դիմել եւ հաւատալ որ Աստուած կու տայ այն ինչ որ կը խնդրուի իրմէ։

Աւագ Երեքշաբթի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տասը կուսանաց

Տասը կոյսերու յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ հրեաներու հարցումներուն Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներու յանդիմանութեան օրն է։ Եկեղեցին Աւագ Երեքշաբթի օրը կը յիշատակէ տասը կոյսերու առակը եւ Վերջին Դատաստանի բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ջրհեղեղը եւ մարդկութեան կրկին սկզբնաւորումը։ Աւագ Շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին, ժողովուրդին մօտ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով։

Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող Աւետարանի այն դրուագէն, երբ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, Յիսուս անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.

Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ'ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը բախեն, դուռը բացող չ'ըլլար (Մտթ. 25.1-13)։

Այս առակով Յիսուս մարդոց կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ իրենց հաւատքի ճրագները միշտ վառ պահեն, արթուն հսկեն, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը։

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներէն ներս։ Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ, տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագուած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ, իրենց ձեռքերուն վառած մոմեր բռնած։ Երբ Աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալլուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ։ Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ'ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ՝ ՅԻՄԱՐ։ Անոնց որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի՝ կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները՝ վառած կը պահեն զանոնք։

Աւագ Չորեքշաբթի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոսի մատնութեան յիշատակի օրն է։ Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ Յուդայի մատնութիւնը։ Այդ օրը Բեթանիա քաղաքին մէջ, Սիմոն Բորոտի տան մէջ կին մը թանկարժէք իւղով կ'օծէ Յիսուսի ոտքերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը։ Օծման կը յաջորդէ Յիսուսը մատնելու Յուդային որոշումը։

Հրեայ ղեկավարներէն շատեր նախանձով եւ ատելութեամբ լեցուած էին Յիսուսի նկատմամբ, կ'ուզէին ձերբազատիլ Անկէ՝ վերջ դնելով Անոր կեանքին, սակայն մարդոցմէ կը վախնային։

Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, գաղտնօրէն կը ներկայանայ անոնց եւ կը համաձայնի երեսուն արծաթի փոխարէն դաւադրաբար հրեայ ղեկավարներուն ձեռքը մատնել Մեծ Վարդապետը։ Յուդա Յիսուսի խումբին գանձապահն էր, իր քով կը գտնուէր գանձանակը, եւ ինչ որ հոն դրուէր՝ կը գողնար անկէ:Հիմա կը մնար սպասել ճիշդ ժամանակին, իր դաւադրութիւնը յաջողցնելու համար։ (Յհ 12.6)։


Մարիամի կողմէ Յիսուսի գլուխն ու ոտքերը օծուիլը կը պատահի Բեթանիոյ մէջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներով ճաշի հիւրն էր մեծահարուստի մը, Մարիամ կու գայ եւ թանկագին իւղով կ'օծէ Տիրոջ գլուխն ու ոտքերը։ Յիսուս այս օծումը կը համարէ Իր թաղումին որպէս նշան։

Վերջին ընթրիք

Աւագ Հինգշաբթի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւագ Շաբթուան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ Հինգշաբթի օրը, որ լեցուն է Տնօրինական խորհուրդներով՝ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատում, Ոտնլուայ, Խաւարում՝ Մատնութիւն եւ Ձերբակալութիւն։

Ա) Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ։ Պատարագը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի կատարած Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդին[3]։

Վերջին Ընթրիքի ժամանակ, Վերնատան մէջ, Յիսուս հացը առաւ, գոհացաւ, օրհնեց եւ իր աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա իմ մարմինս է . . .»։ Ապա գինիի բաժակը առնելով, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ . ասիկա իմ արիւնս է . . .»։


Այս պատարագը կարելի է երեք տարբեր անուններով կոչել.

  • «Վերջին Ընթրիք» կամ «Ընթրեաց Պատարագ», որովհետեւ ան կը յիշատակէ Պասեքի այն ընթրիքը, զոր Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր առաքեալներուն հետ կատարեց, Իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան նախօրէին։
  • «Գոհաբանութեան Պատարագ», որովհետեւ անով գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Հօր Աստուծոյ, որ հաճեցաւ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկել՝ մարդոց հոգիներու փրկութեան համար։
  • «Հաղորդութեան Պատարագ», որովհետեւ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ստանալով մարդիկ կը հաղորդակցին աստուածային Էութեան հետ եւ մաս կը կազմեն Անոր եկեղեցիին, հաւատացեալներու հաւաքոյթին։

Այս խորհուրդով Քրիստոս Նոր Ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։

Մինչդեռ Հին Կտակարանին մէջ ընտրեալ ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօտենար քահանայի մը եւ ողջակիզուած կենդանիի մը միջոցաւ, հիմա բոլոր մարդիկ Աստուծոյ կրնան մօտենալ ուղղակիօրէն Քրիստոսի միջոցաւ եւ մանաւանդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին միջոցաւ (Հռ. 3.21-24)։

Փոխան Հին Կտակարանի գառնուկին, որ խորանին վրայ պիտի զոհագործուէր մարդոց մեղքերուն փոխարէն, ահա Քրիստոս իբրեւ Անարատ Գառն Աստուծոյ, Արդարը՝ անարդարներուն համար, Անմեղը՝ մեղաւորներուն համար Իր սրբարար ու քաւչարար արիւնը թափեց քառաթեւ խաչին վրայ, որպէսզի մարդոց մեղքերը միանգամընդմիշտ ներում եւ թողութիւն գտնեն։

Բ) Նոյն օրը Երեկոյեան կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, հետեւողութեամբ Քրիստոսի ձեռքով Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակին։

Յիսուս կը լուայ իր աշակերտներուն ոտքերը

Անցեալին, մանաւանդ Արեւելքի մէջ, յարգանքի արտայայտութիւն եւ մեծարանքի նշան էր հիւրերուն ոտքերը լուալը։ Տան ծառան ինք կը կատարէր այս պարտականութիւնը։

Յիսուս Իր աշակերտներուն սիրոյ եւ խոնարհութեան գերագոյն ու գործնական օրինակը տուաւ՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Այս արարքով Յիսուս մարդոց խոնարհ ըլլալու եւ բոլորին անսակարկ սիրով ծառայելու պատգամն է որ կը փոխանցէ, որովհետեւ ով որ կ'ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է բոլորին սպասաւորը ըլլայ։

Ոտնլուայ

Այս դրուագին պատկերաւոր կատարումն է որ տեղի կ'ունենայ եկեղեցիներէն ներս, եկեղեցականը մեծ վայելչութեամբ իր զգեստները հագած կը կանգնի խորանին մէջտեղ եւ իր երկու կողմերը շարքով կանգնած տասներկու դպիրները, ի նշան՝ տասներկու առաքեալներուն, արտասանուած կանոնական աղօթքներէն ու երգուած շարականներէն ետք կարգով կը մօտենան հանդիսապետ եկեղեցականին, զոր իրենց ոտքերը ջուրով լուալէ ետք նաեւ իւղ կը քսէ անոնց վրայ, յօրինակ՝ Մարիամի կողմէ Քրիստոսի ոտքերը օծելուն։

Արարողութեան աւարտին ներկաներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, որոնք իրենց հետ տուն տանելով բոլոր տնեցիներուն, եւ յատկապէս հիւանդներուն ճակատին, աչքերուն, ականջներուն կամ մարմնի ցաւած մասերուն կը քսեն՝ բժշկութիւն ստանալու հաւատքով։

Գ) Հայ Եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչուի Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող Գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ Եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, Խաւարի Իշխանէն՝ Սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց Իր Արարիչը, Աշխարհի Լոյսը, նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ՝ լոյսի ու արդարութեան։

Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքը

Խաւարման կամ Լացի Գիշեր անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ ու ատելի համբոյրով մատնեց երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ՚ըսէին՝

«նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մտ 26.35)

, շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը ու մահուան սոսկումէն սարսափած բոլորը պիտի փախչէին՝ գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս Առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս։

Հայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ'երկարի մինչեւ կէս գիշեր։ Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ, խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները։ Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը։

Ամէն անգամ որ աւետարաններէն մէկը կ'ընթերցուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փառք ի բարձունս» երգի ժամանակ՝ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ Առաքեալներուն ձգել ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մեծ մոմը, վառած պահելով, կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, որ առանձին եւ անօգնական մնաց։

Յիսուս Քրիստոսի խաչելութիւնը

Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստած բարակ պարաններով եօթը հանգոյց կապեն, որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր աքուցուելուն եւ զԻնք երբեք առանձին չձգելուն։

Աւագ Շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ Ուրբաթը, որ իր մէջ կ'ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները։

Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը Հռոմէացի Կուսակալ Պիղատոսէն, Հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով խաչի անարագ մահուան Անոր դատապարտութիւնը, մարդոցմէ ու զինուորներէ ծաղրուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը։ Յիսուս, գիտակից իր Աստուածային ծրագրին՝ մարդկութիւնը մեղքի տիղմէն դուրս բերելու, գառնուկի մը լռութեամբ եւ հլու հնազանդութեամբ՝ կամաւորապէս բարձրացաւ դէպի Գողգոթա եւ հոն խաչուեցաւ։

Ան «Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինք Արդար Դատաւորին յանձնեց։ Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ Անոր վերքերովն էր որ բժշկուեցաք» (Ա.Պտ 2.23-24)։


Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը։ Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը, ի նշան Յիսուսի թաղման։ Ծնկաչոք եւ արտասուալից կ'երգուի «Սուրբ Աստուած. . . որ թաղեցար վասն մեր» եւ նաեւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները։

Ժողովրդական բարեպաշտութիւն է, երբ հաւատացեալներ երեք անգամ ծունկերու վրայ կ'անցնին Քրիստոսի գերեզմանին տակէն, ի նշան վերջին յարգանքի, ինչպէս նաեւ Յիսուսի դագաղին առջեւ խոնարհելու եւ հպատակութիւնը Քրիստոսի յայտնելու։

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը

Աւագ Շաբթուան վերջին օրն է Աւագ Շաբաթը, որ ծանօթ է նաեւ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ կամ ԽԹՈՒՄ անուններով[4]։

Օրը լեցուն է լաւատեսութեամբ եւ յարութեան յոյսով, անոր համար՝ եկեղեցիներու բոլոր ճրագները, մոմերը վառած են, ճրագալոյց է, մեծ աւետիս է, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս խորտակած է դժոխքի դռները, Իր մահով մահուան վրայ յաղթանակ տարած է, եւ Իր յարութեամբ՝ մեզի կեանք պարգեւած։

Քրիստոսի խաչելութենէն ու թաղումէն ետք ասիկա առաջին պատարագն է, յոյսի ու յարութեան պատարագը, անոր համար բացառիկ հանդիսաւորութեամբ կը մատուցուի։ Եօթը շաբաթներու երկա՜ր պահեցողութիւնը ա՛լ իր աւարտին կը հասնի, եկեղեցիներու սեւ թանձր վարագոյրը կը վերցուի եւ հոգեւոր ցնծութիւնը կը պատէ բոլորին հոգիները։ Հնաւանդ սովորութեան համաձայն պահքը կը լուծէին ձուկով, հաւկիթով եւ իւղով[4]։

Յարուցեալ Քրիստոս կը յայտնուի Մարիամ Մագթաղենացիի

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ կամ դպրոցական աշակերտներ ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել եւ ամբողջ մարդկութիւնը ազատագրել «եգիպտոսի», այսինքն՝ մեղքի գերութենէն, եւ մարդիկը վերադարձնել ու վերահաստատել Աստուածային իրենց նկարագրին եւ որդեգրութեան մէջ։ Ս. Գրոց ընթերցանութեանց կը հետեւի Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը հաղորդուին Քրիստոսի յարուցեալ, կենդանարար ու կենսատու մարմինով եւ արիւնով։

Պարսկահայերը սովորութիւն ունին ճրագալոյցներուն եկեղեցիէն նշխար բերել տուն։ Տան մեծաւորը զայն կը բաժնէ ներկաներուն, իւրաքանչիւրը նշխարի կտորը կը զետեղէ իր բաժակին մէջ, ապա անոր վրայ գինի կը լեցնեն եւ խմելով կը շնորհաւորեն իրար։

Սովորութիւն է նաեւ «Աւետման ելլել»ը կամ «Աւետիս տալ»ը, երբ երիտասարդական խումբեր տունէ-տուն շրջելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը կ'աւետեն շարականներով ու նուագով, որուն փոխարէն նուէրներ կը ստանան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-02-14 
  2. Administrator։ «Աւագ Շաբաթ»։ www.emahay.com (en-gb) [permanent dead link]
  3. 3,0 3,1 «ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»։ Hayern Aysor։ 2012-04-05 
  4. 4,0 4,1 «ՏՕՆԵՐ, ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ- Ս. ԶԱՏԻԿ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2011-04-21 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]