Jump to content

Ապաթարց

Ապաթարց, հայերէնի կէտադրական բացայայտութեան նշաններէն մէկը։

Ապաթարցը կը գործածուի՝

  • Արեւմտահայ գրական լեզուի մէջ, կը դրուի բառին զեղչուած ձայնաւորին փոխարէն, յատկապէս կը, մը մասնիկներու ը-ի սղման ատեն։
  • Արեւմտեան դ, Օ եւ նման նախամասնիկներով կազմուած յատուկ անուններու մէջ, որոնք համապատասխան լեզուին մէջ ապաթարցով են։

Օրինակ՝ Ժանն տ’Արք։

  • Բանաստեղծութիւններու մէջ վանկերու չափը պահելու համար, զեղչուած ձայնաւորի փոխարէն ապաթարց կը դրուի.

Ժխտական խոնարհման կազմութեան ատեն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Օժանդակ բային եզակի երրորդ դէմքին է-ն կը փոխուի ի-ի (չի խաղար)։ Այս ի-ն ձայնաւորով սկսող բայերէն առաջ կը զեղչուի, եւ տեղը ապաթարց (') կը գրուի: Օրինակ՝ չի երթար → չ’երթար, չի երգեր → չ’երգեր

Բացառութիւն կը կազմեն ունիմ եւ կամ բայերը, որոնց սահմ. եղ. ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակներուն ժխտական ձեւերը կը կազմուին չ մասնիկի կցումով եւ առանց ապաթարցի։

Այսպէս՝ չունիմ, չունէի -չկամ, չկայի։

  • Սերգէյ Աբրահամեան, «հայերէնի կետադրութիւն», ուսումնական ձեռնարկ, 2002։