Քէյթի Փերրի
Քէյթի Փերրի (անգլերէն՝ Katy Perry, իսկական անունը՝ Քէյթրին Էլիզապէթ Հատսըն, անգլերէն՝ Katheryn Elizabeth Hudson, ծնած՝ 25 Հոկտեմբեր 1984, Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա, Միացեալ նահանգներ), ամերիկացի երգչուհի, երգահան։
Ապրիլ 2007-ին Փերրին պայմանագիր կնքեց Capitol Records ձայնագրման ընկերութեան հետ։ Ան 2008 թուականին աշխարհի մէջ յայտնի դարձաւ «I Kissed a Girl» երգի եւ One of the Boys ձայնասկաւառակի շնորհիւ։ Յետագայ երգերը՝ «Hot n Cold» եւ «Waking Up in Vegas», եւս միջազգային մեծ ճանաչում ստացան։ Փերրիի երրորդ Teenage Dream ձայնասկաւառակը հրապարակուած է Սեպտեմբեր 2010-ին։ Այդ սկաւառակէն հրապարակուեցան 6 մեներգներ, որոնցմէ 5-ը բարձրագոյն հորիզոնականներ գրաւեցին ԱՄՆ-ին մէջ․ «California Gurls», «Teenage Dream», «Firework», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)»: Teenage Dream ձայնասկաւառակը կը համարուի առաջին ձայնասկաւառակը երգչուհիներու շրջանին, ուր հինգ երգեր հասած են Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական եւ երկրորդ ձայնասկաւառակը Մայքըլ Ճեքսընի Bad ձայնասկաւառակէն ետք։ Մարտ 2012-ին Փերրին վերահրապարակեց Teenage Dream երգը Teenage Dream, The Complete Confection անունով։ Առաջին «Part of Me» երգը առաջին տեղը գրաւեց Billboard Hot 100-ին մէջ։ Ան գլխաւորեց նաեւ Բրիտանիոյ, Քանատայի եւ Նոր Զելանտայի աղիւսակները։ Անոր չորրորդ Prism ձայնասկաւառակը հրապարակուեցաւ Հոկտեմբեր 2013-ին։ Ան գլխաւորեց Billboard 200 ազգային աղիւսակը վաճառքի առաջին շաբթուան ընթացքին, իսկ առաջին «Roar» երգը առաջին համաշխարհային յաջողութիւնն էր, որ գլխաւորած է 17 աղիւսակ։
Փերրին բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր է, անոնց կարգին՝ ան երեսուն անգամ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակին։ 2012 թուականին Billboard երաժշտական ընկերութիւնը անուանեց զինք «Տարուան կին»։ Ան կը շարունակէ մնալ միակ երգչուհին, որ յաջողած է 69 շաբաթ շարունակ մնալ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ[1][2]: Փերրին նաեւ անուանուած է թուային դարաշրջանի երրորդ լաւագոյն արուեստագէտը՝ համաձայն RIAA-ի վիճակագրութեան[3]: Ան նաեւ հրապարակած է օծանելիքի սեփական հաւաքածոն՝ Purr, Meow, Killer Queen: Յուլիս 2011-ին վերջը Փերրին միացաւ «Սմուրֆիկներ» նախագիծին, հնչիւնաւորելով գլխաւոր հերոսուհիին՝ Սմուրֆեթթա-ին (Smurfette)։ Billboard-ը Փերրիին դասած է 14-րդ հորիզոնականին 2011 թուականի ամէնաշատ վճարուող երգչուհիներու ցանկին մէջ։ Յուլիս 2012-ի սկիզբը, ան հրապարակած է ինքնակենսագրական փաստագրական տեսաժապաւէն՝ «Քէյթի Փերրի․ Ինձմէ կտոր մը» անունով, ուր ան կը պատմէ իր վերջին համերգային շրջագայութեան՝ The California Dreams Tour-ի մասին։ Նոյեմբեր 2013-ին Փերրին ծախած է 12 միլիոն ձայնասկաւառակ եւ 81 միլիոն երգ ամբողջ աշխարհին մէջ[4][5]:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քէյթի Փերրին ծնած է Սանթա Պարպարա։ Քէյթիի թէ՛ հայրը, թէ՛ մայրը աւետարանական եկեղեցւոյ հետեւորդներ էին։ Ան ընտանիքի երկրորդ երեխան է։ Քէյթին աւարտած է Dos Pueblos High School-ը, Քալիֆորնիա, 2003 թուականին եւ շուտով տեղափոխուած է Լոս Անճելըս: Այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր[6]: Դեռահասութեան տարիներուն ան փոխած է իր ազգանունը՝ դարձնելով Փերրի, քանի որ «Katy Hudson» անունը շատ նման էր Քէյթ Հատսընի անուան։ Փերրին անոր մօր աղջկական ազգանունն է[7]: Քէյթի Փերրիի երաժշտութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած են Queen, Nirvana, Ալանիս Մորիսեթ, Heart, Ճոնի Միթչըլ, Incubus երաժիշտները։
Երաժշտական ասպարէզը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1999-2006: Katy Hudson եւ The Matrix
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցական երգչախումբին մէջ երգող 15 տարեկան Փերրիին նկատած են Նէշվիլի արդի ռոք երաժիշտները, որոնք առաջարկած էին անոր բարելաւել ու զարգացնել երգեր հեղինակելու իր հմտութիւնները։ Դեկտեմբեր 1999-ին Փերրին ստացած է ամբողջական միջնակարգ կրթութիւն Dos Pueblos High School-ի առաջին կիսամեակէն, որոշելով ձգել դպրոցը, յանուն իր երաժշտական ասպարէզին։ Փերրին հետեւած է իտալական օփերայի կարճ դասընթացքներուն Music Academy of the West-ի մէջ[8]: Նէշվիլի մէջ Փերրին սկսած է ձայնագրել «տեմօ» տարբերակը եւ դասեր առնել գեղջկական ոճի երաժշտութեան փորձառու երաժշիտներէն, զարգացնելով երգեր գրելու հմտութիւնները եւ կիթառ նուագելը[9]: Փերրին պայմանագիր կնքեց քրիստոնէական երաժշտութեան Red Hill Records-ի հետ։ Ան ձայնագրեց եւ հրապարակեց իր առաջին ալպոմը՝ Katy Hudson անուամբ, Փետրուար 8, 2001-ին։ Ձայնասկաւառակէն հրապարակուեցան երկու երգեր՝ «Trust In Me» եւ «Search Me»: Ալպոմի յառաջացման համար Փերրին մասնակցեցաւ The Strangely Normal Tour-ին՝ երգեր կատարելու Ֆիլ Ճօըլէն եւ LaRue-էն առաջ[10]: Katy Hudson ձայնասկաւառակը առեւտրային յաջողութիււններ չունեցաւ, սակայն ստացաւ դրական կարծիքներ երաժշտական քննադատներու կողմէ, որոնք կը գովաբանէին անոր տաղանդը։ Չնայած անոր, Դեկտեմբեր 2001-ին Red Hill Records-ը սնանկացաւ։
17 տարեկան Փերրին տեղափոխուեցաւ բնակելու Լոս Անճելըս, ուր սկսաւ աշխատիլ Կլէն Պալարտի հետ, անոր եւ Island Records-ի պայմանագիրի շրջագիծին մէջ[11]:
2004 թուականին Քէյթին միացաւ The Matrix-ի խումբին հետ, որ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակի համար եւ որու ամփոփումը կը ներառէր համագործակցութիւն այնպիսի երաժիշտներու հետ, ինչպէս՝ Այվրիլ Լավինը, Շափիրան եւ Korn-ը։ Matrix-ը կը ծրագրէր, որ սեփական ձայնասկաւառակը կը ձայնագրէ Քէյթի Փերրիի հետ։ Նախագիծը վերջ ի վերջոյ չիրականացաւ, քանի որ Փերրին 2004 թուականին յայտնուեցաւ «Պլէնտըր» ամսագիրին մէջ, որ զինք կը նկարագրէր որպէս «The Next Big Thing!»: Հարցազրոյցի ժամանակ Քէյթին յայտարարած էր, որ ան «բնորոշ քրիստոնեայ» չէ, յիշեցնելով որ ան պատանի տարիներուն «բազմաթիւ վատ բաներ» ըրած է[12]: Matrix-ի հետ չկնքուած պայամանագիրէն ետք, Փերրին 2007 թուականին պայմանագիր կնքեց Capitolի հետ։
2007-2009
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաշխարհային ճանաչումը One of the Boys-ի հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006 թուականին Columbia Records-ի հետ պայմանագիրը խզելէն ետք ընկերութեան գործադիր արտադրող Անժելիքա Պեյլըրը խանդավառութեամբ առաջադրեց Փերրիի թեկնածութիւնը՝ դիտարկուելու Ճէյսըն Ֆլոմի՝ ձայնագրութեան Virgin Records ընկերութեան նախագահին կողմէ Այդ ժամանակ Ֆլոմը կը փորձէր ստեղծել երաժշտական նախագիծ մը, որ համաշխարհային ճանաչում կը ստանար։ Չնայած Virgin Records-ի գործընկերներու ոչ միանշանակ արձագանգին, ան համոզուեցաւ, որ Փերրին տաղանդաւոր է եւ ան կրնար իրական յեղափոխութիւն դառնալ երաժշտական աշխարհին մէջ։ 2006 թուականի սկիզբէն Columbia Records-ի ներկայացուցիչի հետ երկարատեւ բանակցութիւններ վարելէն ետք, պայմանագիր կնքուեցաւ Փերրիի եւ ձայնագրութեան Capitol Music Group ընկերութեան հետ։ Blender ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ, երգչուհին նկարագրեց իր զգացմունքները․
Առաջին անգամ, երբ ինծի հետ պայմանագիր կնքեցին, ես նստած էի երեք այլ աղջիկներու հետ, որոնց հետ նոյն ժամանակ եւս պայմանագիր կնքեցին: Անոնք նստեցուցին մեզի եւ ըսին․ «Հնարաւոր է, որ ձեզմէ մէկը օր մը աստղ դառնայ: Միւս երեքը կրնան վերադառնալ Ամերիկա»[13]:
Բնագիր (անգլերէն)The first time I got signed, they brought me in a room with three other girls they signed at the same time. They sat us down and said, ‘Maybe one of you will ever make a record. The other three can go back to Middle America and pop out babies.
Պայմանագիրի մէկ մասն էր Փերրիի ամբողջ նիւթերու վերահսկողութիւնը, որոնք կը ձայնագրուէին չի հրապարակուած ձայնասկաւառակի համար, Columbia Records- հետ պայմանագիր կնքելու ժամանակ։ Անոր հետեւանքով այդ նիւթը մտաւ անոր առաջին ձայնասկաւառակի՝ One of the Boys-ի մէջ։ Ֆլոմը նշեց, որ նիւթը, որ ձայնագրուած էր նախորդ պիտակի հետ համագործակցութեան ժամանակ, շատ ուժեղ էր, սակայն այդ բաւական չէր ամերիկեան եւ համաշխարհային ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար։ Առաւել որակեալ եւ հարուստ հնչողութիւն ստանալու համար, ներգրաւուեցաւ արտադրող Dr. Luke-ը, որու հետ Փերրին գրեց «I Kissed a Girl» եւ «Hot n Cold» ստեղծագործութիւնները։ Փերրիի նոր կերպարի ստեղծումը՝ իր կառավարելու գլխաւոր խնդիրներէն մէկը կը համարուէր։ Նոյեմբեր 20, 2007-ին սկսաւ ծանուցումային արշաւը, երբ հրապարակուեցաւ «Ur So Gay» երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը, որ ուղղուած էր Փերրիի՝ երաժշտական շուկայ ներգրաւուելուն։ Հրապարակուեցաւ նաեւ փոքր-ձայնասկաւառակ՝ «Ur So Gay» երգի գլխաւորութեամբ՝ համացանցային տիրոյթին եւ մամուլին մէջ աղմուկ յառաջացնելու նպատակով։ «Ur So Gay» երգը իր բառերով եւ հոլովակով մեղադրուեցաւ ենթադրեալ հոմոֆոպիայի մէջ[14]: Այդ յաջող քայլ էր սկսնակ երգչուհիի համար, քանի որ զինք նկատեց Մատոննան՝ յիշատակելով «Ur So Gay» երգը KISS FM ձայնասփիւռի կայանին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Փերրիի ծանուցումային արշաւի յաջորդ հանգրուանին մէջ երգչուհին երկու ամսուայ շրջագայութիւն անցուց ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ։ Առաջին պաշտօնական «I Kissed a Girl» երգը հրապարակուեցաւ Մայիս 8, 2008-ին։ Capitol Records-ի աւագ փոխ նախագահ Տենիզ Ռիզը փորձեց սկսիլ երգի ձայնասփիւռի շրջանառութիւնը փոքր ազգային ձայնասփիւռի կայաններէն։ Առաջին ձայնասփիւռի կայանը, ուր ընտրուեցաւ նման քայլը, դարձաւ Նէշվիլի The River ձայնասփիւռի կայանը։ Երեք օր աշխուժ շրջագայութենէ ետք, ձայնասփիւռի կայանը հեղեղուած էր ունկնդիրներու հիացած զանգերով։ Յունիս 12, 2008-ին Փերրին մասնակցեցաւ «Երիտասարդներ եւ յանդուգններ»ու նկարահանումներուն։ Երգչուհին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Գեւին Ռոստեյլի «Another Night in the Hill» ստեղծագործութեան մէջ, որ աւելի ուշ մտաւ անոր արհեստագիտական Wanderlust ձայնասկաւառակի երգացանկին մէջ։ «I Kissed a Girl» երգը 7 շաբաթ շարունակ գլխաւորեց Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակը, ինչպէս նաեւ առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց 20 երկիրներու աղիւսակներուն մէջ։ «I Kissed a Girl» երգի տեսահոլովակը ներկայացուեցաւ Մայիսի 21, 2008 -ին Փերրիի MySpace սոցեալական կայքի պաշտօնական էջին մէջ։
Փերրիի առաջին ձայնասկաւառակը՝ One of the Boys անունով հրապարակուեցաւ Յունիս 17, 2008-ին։ Ան ստացաւ քննադատներու ոչ միանշանակ կարծիքները։ Ալպոմը սկսաւ իր երթը Billboard 200-ի 9-րդ հորիզոնականէն՝ շաբաթական 47 հազար օրինակի վաճառքով։ One of the Boys ձայնասկաւառակը ստացաւ RIAA-ի կողմէ փլաթինէ հաւաստագիր, ամբողջ աշխարհին մէջ ընդհանուր վաճառքը գերազանցեց 5 միլիոն օրինակը։ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Քէյթի Փերրին քննադատեցին ձայնասկաւառակի՝ ածելիով լուսանկարի համար[15]: Երգչուհին ածելին մօտեցուցած էր դէմքին եւ այդ զայրոյթ յառաջացուցած էր մարդոց մոտ, որոնք դէմ են բռնութեան, քանի որ Լոնտոնի մէջ մեծ թիւով յարձակումներ տեղի կ'ունենան, որոնք կապուած են դանակի հետ[16]: Լուսանկարը պէտք է միայն ցոյց տար Փերրիի դաժանութիւնը եւ սէրայնութիւնը եւ ծրագրած չէր այդ նկարը տեղադրել ձայնասկաւառակի շապիկին[17]: Օգոստոս 2008-ին Փերրին ժխտեց այն յերիւրանքները, որ իր ծնողները դէմ էին իր երաժշտական ասպարէզին՝ յայտարարելով, որ «անոնք զիս կը քաջալերէին»: Ան նաեւ աւելցուց, որ ծնողները «այնքան ալ» զարմացած չէին իր «Ur So Gay» երգով։ «Hot n Cold» երգը հրապարակուեցաւ որպէս ձայնասկաւառակի երկրորդ երգ եւ հասաւ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի երրորդ հորիզոնական։ Երգը կը գլխաւորէր ռուսական ձայնասփիւռի վարկանշային Tophit աղիւսակը երկու շաբթուայ ընթացքին[18]: Բացի այդ՝ ստեղծագործութիւնը առաջինն էր Գերմանիայի, Դանիայի եւ Քանատայի մէջ։ Փերրին մասնակցեցաւ Warped Tour շրջագայութեան, որու շրջանակներուն մէջ ելոյթներ ունեցաւ Եւրոպայի մէջ։ Ապա ելոյթ ունեցաւ իր սեփական Hello Katy Tour շրջագայութեան ժամանակ, որ անցաւ Յունուար 2009-ին ։ «I Kissed a Girl» ստեղծագործութիւնը Փերիին անուանակարգ բերաւ «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, որպէս «Կանանց լաւագոյն ձայնամարզութեան փոփ կատարում»: Ան առաջադրուեցաւ MTV Video Music Awards 2008-ի հինգ անուանակարգերու մէջ, սակայն պարտուեցաւ Պրիթնի Սփիրզին Piece of Me տեսահոլովակով։ MTV Europe Music Awards 2008-ի ժամանակ, Փերրին յաղթեց «Լաւագոյն նոր կատարող» անուանակարգին մէջ, ուր ան հանդէս կու գար նաեւ որպէս հաղորդավարուհի։
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քէյթի Փերրին կը հանդիպէր ամերիկեան Gym Class Heroes խումբի մենակատար Թրեւիս ՄքՔոյի հետ, սակայն 2008 թուականի վերջերը անոնք բաժնուեցան։ Ան նաեւ յայտնուած է խումբի «Cupid’s Chokehold» տեսահոլովակին մէջ[19]:
2009 թուականին երգչուհին սկսաւ հանդիպիլ բրիտանացի կատակերգու Ռասըլ Պրենտի հետ։ Վերջինիս հետ նշանտուքը տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի մէջ, ամանորի գիշերը[20]: Զոյգի ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 23, 2010-ին։ Դեկտեմբեր 30, 2011-ին Ռասըլ Պրենտը փաստաթուղթեր ներկայացուց, ամուսնալուծութեան համար, որպէս պատճառ նշելով «անյաղթահարելի անհամաձայնութիւնները»: Նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Քէյթիի նախկին ամուսինը չէր ուզած ձեռք բերել նախկին կնոջ ունեցուածքի կէսը։ Ամուսնալուծական գործընթացը պաշտօնապէս վերջացաւ Յուլիս 14, 2012-ին[21]:
Ամուսնալուծութենէն ետք Քէյթին սկսաւ հանդիպիլ երգիչ Ճոն Մեյըրի հետ։ Յարաբերութիւններու ընթացքին զոյգը միացաւ ու բաժնուեցաւ երեք անգամ[22]: Յուլիս 2015-ի տուեալներով Քէյթին եւ Ճոնը կրկին բաժնուեր են[23][24]:
Ձայնադարան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Katy Hudson (2001)
- One of the Boys (2008)
- Teenage Dream (2010)
- Prism (2013)
Շրջագայութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Hello Katy Tour (2009)
- California Dreams Tour (2011-2012)
- Prismatic World Tour (2014 - 2015)
Ձեռքբերումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քէյթի Փերրին դարձած է Թվիթթերի առաջին օգտատէրը, որու հետեւորդներուն թիւը գերազանցած է 50 միլիոնը[25]: Այժմ արդէն Փերրիի պաշտօնական էջի հետեւորդներու թիւը կը գերազանցէ 92 միլիոնը[26]:
- «Teenage Dream» ձայնասկաւառակը առաջինը կը համարուի երգչուհիներու շրջանին մէջ, որու հինգ երգերը հասած են ամերիկեան Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական[27]:
- Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն 6 երգերը ձայնասկաւառակէ մը («Teenage Dream») գլխաւորած են Billboard Pop Songs վարկանշային աղիւսակը[28]:
- Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն հինգ երգերը միեւնոյն ալպոմէն («Teenage Dream») գլխաւորեցին Billboard Adult Pop Songs վարկանշային աղիւսակը[29]:
- Փերրին մէկ անգամ չէ որ մրցանիշներ սահմանած է շաբթական շրջագայութիւններու թիւով։ «California Gurls», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)» եւ «Roar» երգերը նմանատիպ մրցանիշներ սահմանած են։ «Roar» երգը կը պահպանէ այդ մրցանիշը, սկսած՝ 16,065 շաբթական ձայնասփիւռի շրջանառութիւններէն[30][31]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Katy Perry Celebrates Year In Hot 100’s Top 10 | Billboard»
- ↑ «Adele’s 'Someone Like You' Soars To No. 1 On Hot 100 | Billboard»
- ↑ «RIAA - Recording Industry Association of America - January 28, 2014»
- ↑ «Katy Perry First Confirmed Performer For Capital FM’s Jingle Bell Ball 2013 - Capital FM»
- ↑ «Katy Perry To Headline Day One Of 2013 Jingle Bell Ball | Katy Perry | News | MTV UK»
- ↑ The Santa Barbara Independent Major League
- ↑ allmusic (((One of the Boys > Review)))
- ↑ «Toonage - Features»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2009-03-16
- ↑ «Katy Perry Exclusive Interview | The Star Scoop»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30
- ↑ The Strangely Normal Tour - Phil Joel, Earthsuit, V*Enna & Katy Hudson - Earthsuit Concert Reviews - Epinions.com
- ↑ «'Kiss' Me, Katy | EW.com»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30
- ↑ The Next Big Thing! Katy Perry - Blender
- ↑ «Katy Perry - "Blender" November 2008» (անգլերեն)։ Just Jared։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-01-10-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-07
- ↑ Zack Rosen. (Յունիս 10, 2008)։ «Music: Katy Perry: The New Gay Interview» (անգլերեն)։ thenewgay.net։ արտագրուած է՝ 2014-02-09
- ↑ Katy Perry stirs up knife controversy by posing with a spoon | Daily Mail Online
- ↑ The Sun
- ↑ Outrage as singer Katy Perry poses with a knife to 'look edgy' | Daily Mail Online
- ↑ http://tophit.ru/cgi-bin/trackinfo.cgi?id=15532
- ↑ Katy Perry to release Ur So Gay album / MusicRemedy
- ↑ Քէյթի Փերրին ցոյց տուած է նշանտուքի մատանին
- ↑ Քեթի Փերրին բաժանվել է ամուսնուց
- ↑ «Քէյթի Փերրին եւ Ճոն Մեյըրը կրկին կը հանդիպին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30
- ↑ Ճոն Մեյըրը եւ Քէյթի Փերրին կրկին բաժնուեր են
- ↑ John Mayer and Katy Perry split again
- ↑ «Քէյթի Փերրին առաջինն յաղթահարած է Թվիթթերի 50 միլիոն հետեւորդներու սահմանը» (ռուսերեն)։ NEWSru.com։ 1 Փետրուար 2014։ արտագրուած է՝ 2014-02-01
- ↑ «KATY PERRY (@katyperry)»։ Թվիթթեր։ արտագրուած է՝ 2015-08-10
- ↑ Katy Perry Makes Hot 100 History: Ties Michael Jackson's Record | Billboard
- ↑ Katy Perry Ties For Most Pop Songs No. 1s | Billboard
- ↑ «Katy Perry Breaks Record On Billboard’s Adult Pop Songs Chart - Starpulse.com»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30
- ↑ Katy Perry's 'E.T.' Lands Pop Songs Plays Record | Billboard<
- ↑ http://www1.billboard.biz/bbbiz/photos/pdf/2013/TFMm1007.pdf
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաշտօնական կայք
- Կաղապար:Թուիթըր
- Կաղապար:Ֆէյսպուք
- Քէյթի Փերրիի Killer Queen օծանելիքի պաշտօնական կայքը
|