Jump to content

Փթահ

Փթահ
Փթահի արձանը Թորինօյի եգիպտական թանգարանին
p
t
HA40
Փթահը կը պատկերէին
կանաչ մաշկով,
աստուածային մորուսով
եւ երկու ձեռքերով
գաւազան բռնած

Փթահ (յուն․՝ Φθα[1])` եգիպտական դիցաբանութեան մէջ Մեմփիսի հովանաւոր արարիչ աստուած է: Արհեստաւորներու եւ ճարտարապետներու աստուածն է: Մեմփիսի եռեակին պատկանող Սեքհմեթի ամուսինն է եւ Նեփերթումի հայրը:

Հին Եգիպտոսի այլ աստուածներու նմանութեամբ ունի զանազան ձեւեր: Երբեմն կը ներկայացուի կարճահասակ, մերկ տեսքով: Շատ պարագաներուն կը պատկերուի կանաչ մաշկով, աստուածային մորուքով, ձեռքին բռնած ունենալով ուժի, կեանքի եւ կայունութեան խորհրդանիշերով գաւազան:

Ծագումը եւ Նշանակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փթահը արարիչ աստուած մըն է, որ գոյութիւն ունեցած է ամէն բանէն առաջ եւ իր կամքով յղացաւ աշխարհի ստեղծումը. քսանհինգերորդ հարստութեան ատենը, Նուպիոյ Շապաքա փարաւոնը: Փթահը հովանաւորն է արհեստաւորներու, մետաղագործներու, հիւսներու, նաւաշինարարներու եւ քանդակագործներու: Միջին Թագաւորութենէն սկսեալ ան դարձաւ Եգիպտոսի հինգ գլխաւոր աստուածներէն մին՝ Ռայի, Իսիսի, Օսիրիսի եւ Ամոնի հետ միասին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]