Jump to content

Սուազիլանտ

Սուազիլանտ
Իսուաթինիի դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Հոհո?, Լուբոմբո?, Մանզինի? եւ Շիսելվենի?
Պետական լեզու անգլերէն եւ սվատի?
Մայրաքաղաք Լոբամբա? եւ Մբաբանե?
Օրէնսդիր մարմին Էսվատինիի խորհրդարան?
Երկրի ղեկավար Մսուաթի Գ.
Կառավարութեան ղեկավար Russell Dlamini?
Ազգաբնակչութիւն 1 230 506 մարդ (2023)[1]
Օրհներգ Nkulunkulu Mnikati wetibusiso temaSwati?
Կարգախօս Siyinqaba, We are a fortress, Ние сме укреплението, A royal experience, Մենք ամրոց ենք, Wir sind die Festung, Som la fortalesa եւ 'Da Ni'n Gaer!
Հիմնադրուած է 6 Սեպտեմբեր 1968 թ.
Արժոյթ լիլանգենի?
Ժամային համակարգ Հարավային Աֆրիկայի ստանդարտ ժամանակ?, UTC+2 եւ Africa/Mbabane?[2]
Հեռաձայնային համակարգ +268
Համացանցի յղում .sz?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,597[3]
gov.sz

Սուազիլանտ (անգլերէն՝ Swaziland, պաշտօնապէս՝ էՍուաթինի թագաւորութիւն[4] սուազերէն՝ Umbuso weSwatini), հարաւային Ափրիկէի ինքնիշխան երկիր մըն է:

Սահմանակից է հիւսիս-արեւելքին՝ Մոզամպիքին, հիւսիսին, արեւմուտքին եւ հարաւին՝ Հարաւային Ափրիկէին: Ծովէն մեկուսի երկիր է: Երկիրը եւ իր ժողովուրդն իրենց անուններն ստացած են 19րդ դարու թագաւոր Մսուազի Բ.-էն, որուն տիրապետութեան ատենը Սուազի տարածքը միաւորուեր է:[5] Հիւսիսէն հարաւ 200 քմ եւ արեւելքէն արեւմուտք 130 քմ ձգուածութեամբ Սուազիլանտը Ափրիկէի ամենափոքր երկիրներէն մեկն է, որուն հակառակ, ունի բազմազան բնութենական պայմաններ, փոփոխուող ցուրտ բարձրադիր լեռներէն միչեւ տապ եւ չորային հարթավայրերը: Բնակչութեան գերակշիռ մասը էթնիք սուազիներ են, որոնց լեզուն սուազերէնն է: Անոնք իրենց թագաւորութիւնը 18րդ դարու կէսերուն հիմնած են Նկուանէ Բ.-ի գլխաւորութեամբ: Ներկայիս սահմանները գծուած են 1881-ին Ափրիկէի հարաւին համար կռիւներուն:[6] Անկլա-պուրական պատերազմէն ետք, Սուազիլանտը 1903-էն պրիթանական ենթակայութեան տակ եղած է մինչեւ 1968-ի Սեպտեմբեր 6-ին անկախութիւն ձեռք բերելը:[7]

Երկրին կառավարումը 1986-էն կը կատարէն բացարձակ իշխանութիւնով օժտուած Մսուաթի Գ. թագաւորը (նկուէնեամա) եւ Նթֆոմպի Թֆուալա մայր թագուհին (նտլովուքաթի):[8][9] Սուզիլէնտի ներկայիս սահմանադրութիւնը վերջին փոփոխութիւնները կրած է 2005-ին:

Աշխարհագրական տուեալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուազիլանտը փոքր, ծովէն մեկուսի թագաւորութիւն մըն է, արեւէլքէն սահմանակից է Մոզամպիքին եւ մնացեալ մասով՝ Հարաւային Ափրիկէական հանրապետութեանը: Ունի չորս առանձին աշխարհագրական շրջաններ, որոնք կը ձգուէն հիւսիսէն հարաւ եւ կ'որոշուէն բարձրութիւններով: Ամենաբարձր կէտը ՀԱՀ-ի սահմանին գտնուող 1862 մ բարձրութեան Էմլեմպէ լեռնագագաթն է: Սուազիլանտը ունի բնաշխարհի լայն բազմազանութիւն, Մոզամպիքի երկայնքով ձգուող լեռներէն մինչեւ սաւաննաները արեւելքին եւ անձրեւային անտառները հիւսիս-արեւմուտքին: Երկրին միջով կը հոսին քանի մը գետեր, որոնցմէ Մեծ Ուսութու գետն է:

Սուազի ժողովուրդի նախնիները Ափրիկէի հարաւ եկած են միջին դարուն, մայցամաքի կեդրոնական մասէն: 1836-ին սուազիներու առաջնորդ Սոպհուզան վճռական յաղթանակ տարաւ զուլուներէն, իր ենթակայութեան տակ առաւ միւս առաջնորդները եւ, այդպիսով, ստեղծեց սուազիներու պետութիւն: Սուազիներու յաջարդ թագաւոր Մսուաթի Ա.-ը 1830-ականներու վերջին երկրի հիւսիսին միացուց նոր հողեր եւ երկիր տարածքը հասցուց ներկայ տարածքէն կրկնակի աւելիի: 19րդ դարու կէսերուն պուրերը եկան Սուազիլենտ եւ սկսան գնել խոշոր հողակտորներ: 21 Փետրուար 1895-ին Սուազիլանտը անցաւ Տրանսվաալի ենթակայութեան տակ, որը երկրորդ անկլա-պուրական պատերազմէն ետք դարձած է Մեծն Պրիթանիոյ պաշտպանեալ:

Մսուաթի Գ.

Սուազիլանտին մէջ բացարձակ միապետութիւնը կը տիրէ սահմանադրական դրոյթներով եւ սուազիական օրէնքներով ու աւանդոյթներով:[10] Երկիրին գլխաւորը արքան է, կամ՝ նկուէնէյեաման (նշ. առիւծ), ներկայիս՝ Մսուաթի Գ. թագաւորը, որ 1986-ին գահակալած է 1982-ին մահացած իր հօրէն՝ Սոպհուզա Բ.-էն ետք: Երկրի սահմանադրութեան համաձայն, Արքան եւ Նկուէնէյեաման սուազիներու միասնութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշն է:[11] Ըստ աւանդոյթի, արքան կը թագաւորէ իր մօր կամ ծիսական փոխանորդին՝ Նտլովուքաթիին (նշ.Փիղուհի) հետ:

Հարեւան Երկիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://data.who.int/countries/748
  2. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
  3. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  4. «Kingdom of Eswatini Change Now Official»։ Times Of Swaziland։ 18 May 2018։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 March 2019-ին։ արտագրուած է՝ 25 May 2018 
  5. Kuper Hilda (1986)։ The Swazi: A South African Kingdom։ Holt, Rinehart and Winston։ էջեր 9–10 
  6. Bonner Philip (1982)։ Kings, Commoners and Concessionaires։ Great Britain: Cambridge University Press։ էջեր 9–27։ ISBN 0521242703 
  7. Gillis Hugh (1999)։ The Kingdom of Swaziland: Studies in Political History։ Greenwood Publishing Group։ ISBN 0313306702 
  8. Tofa Moses (16 May 2013)։ «Swaziland: Wither absolute monarchism?»։ Pambazuka News (630)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 October 2014-ին։ արտագրուած է՝ 19 October 2014 
  9. «Swaziland: Africa′s last absolute monarchy»։ Deutsche Welle։ 14 July 2014։ արտագրուած է՝ 19 October 2014 
  10. «Our governance»։ Gov.sz։ արտագրուած է՝ 16 August 2014 
  11. Սուազիլէնտի Թագաւորութեան Սահմանադրութիւն Act, 2005, Chapter 1, Section 4(2)