Հերակլ Ա․
Հերակլ Ա․ յուն․՝ Φλάβιος Ἡράκλειος լատ.՝ Flavius Heraclius Augustus | |
---|---|
| |
Ծնած է | 575[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Կապադովկիա, Կեդրոնական Անատոլիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 11 Փետրուար 641[2][4] |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Վարած պաշտօններ | Բիւզանդիոնի կայսր |
Ամուսին | Fabia Eudokia? եւ Martina? |
Ծնողներ | հայր՝ Հերակլիոս Աւագ, մայր՝ Epiphania? |
Երեխաներ | Eudoxia Epiphania?, Կոստանդին Գ․ (Աբխազիոյ արքայ), Աթալարիկոս?, Konstantinos Heteros?, Theodosius?, Հերակլեոնաս?, David?, Martinus?, Augoustina? եւ Martinha? |
Հերակլ (575[1][2][3][…], Կապադովկիա, Կեդրոնական Անատոլիա, Թուրքիա - 11 Փետրուար 641[2][4], Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն), ամբողջական անունը Ֆլավիոս Օգոստոս Հերակլէս (լատիներէն՝ Flavius Heraclius Augustus, յունարէն՝ Φλάβιος Ἡράκλειος), Բիւզանդիոնի կայսր։ Անոր գահակալութիւնը սկսաւ 608 թուականին։ Մեծ յաղթանակ տարաւ Փոկաս կայսեր ապստամբութեան դէմ։ Փոկաս տապալած էր Մորիսի կայսրութիւնը եւ գրաւած էր անոր գահը, կայսրութիւնը ենթարկած էր անկարգութիւններու։ Հերակլէսի հայրը՝ Մեծն Հերակլէս, յաջող առաջատար ռազմական մըն էր, մասնակցած է Մորիս կայսեր մղած պատերազմներուն, իր յաղթանակներուն համար՝ Մորիս Կայսր զինք նշանակած է փոխ-կայսր Հիւսիսային Ափրիկէի, եւ նստավայրը՝ Գարթաժ, ուր ան անցուց կեանքի առաջին հանգրուանը։ Ըստ պատմական կարգ մը աղբիւրներու, առկայ է այն փաստը, որ Հերակլէս հայկական ծագում ունի՝ Կապադովկիայէն։ Հերակլէս նաեւ կը համարուի հիմնադիրը Հերակլեան գերդաստանի՝ հարստութեան, որուն կայսրութիւնը տեւեց մինչեւ 711 թուական։
Հերակլէսի գահակալութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած է բազմաթիւ ռազմական արշաւներ։ Անոր իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին Սասանեան կայսրութեան բանակը ներխուժեց Բիւզանդական կայսրութեան խորքը՝ Անատոլիա։ Հերակլէս, հիմնականին մէջ, պատասխանատու էր՝ պետական քաղաքականութեան բարեփոխումներու, բանակի բարեկարգման, եւ ապա դիմադրելու Սասանեան պարսիկներու։ Պատերազմի առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ բիւզանդացիներու պարտութեամբ, պարսկական բանակը մօտեցաւ Պոսֆորի նեղուց, եւ քանի որ Կոստանդնուպոլիս լաւապէս պահպանուած ու պաշարուած էր, թշնամին չկրցաւ ներխուժումը շարունակել, ինչ որ Հերակլէս ամբողջական պարտութենէ փրկուեցաւ։ Ան խաղաղութեան դաշնագիր կնքեց պարսիկներու հետ, ըստ որուն Հերակլէս տարեկան մեծ գումար տուրք պիտի վճարէր։ Ասկէ ետք ան սկսաւ ռազմական եւ քաղաքացիական բարեփոխումներու, որուն հետեւանքով ռազմական արշաւանքներ կատարեց Փոքր Ասիոյ եւ Հայաստանի վրայ, Սասանեան պետութեան տարածքներէն անցնելով, եւ վաստակելով վերջնական յաղթանակ Նինուէի ճակատամարտով 627 թուականին։ Խաղաղութեան պայմանագիր կնքեց 629 թուականին, գահընկեց ընելէ ետք Պարսից Խոսրով Բ. թագաւորը։ Ըստ վերջին պայմանագրին կը նախատեսուէր վերականգնել նախքան պատերազմի՝ 602 թուականի սահմանները։ Սակայն Հերակլէսի պարսիկներու դէմ տարած փառաւոր յաղթանակը երկարատեւ չէր։ Ան պարտութեան ենթարկուեցաւ այս անգամ խալիֆայութեան կողմէ, զոր տապալեց Բիւզանդական իշխանութիւնը Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Կրօնական գետնի վրայ, կը պատմուի, որ Հերակլէս եղած է շարժիչ ուժ քրիստոնէութիւնը տարածելու Պալքանեան կղզիներու մէջ։ Անոր խնդրանքով, Հռոմի Պապ Յովհաննէս IV ուղարկած է ուսուցիչներ եւ քրիստոնեայ միսիոնարներ Մակեդոնիա եւ Քրուաթիա։ Ան նաեւ փորձեր է բարեփոխումներ կատարել համայնքի հակամարտութեան եւ եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի ժողովի կողմէ իր առաջարկի Monotheleh բանաձեւով, բայց չէ յաջողած։ Ըստ իսլամական աղբիւրներու՝ կը յայտնուի, որ գոյութիւն ունի նամակ մը Մուհամմէտ մարգարէի կողմէ ուղարկուած Հերակլէսի։