Սուզանաւ
Արտաքին տեսք
Սուզանաւերը ստորջրեայ եւ վերջրեայ ծովային նաւեր են։ Անոնց մեծ մասը ռազմանաւեր են, որոնք ռազմական ծառայութիւն կը կատարեն ովկիանոսներուն եւ ծովերուն մէջ։ Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին սուզանաւերէն կ'արձակեն հրթիռներ եւ ինքնաշարժ ջրականներ։
- 1620-1624 թուականներուն միջեւ, Հոլանտացի Քոռնելիս Տրեպպել գիւտարարը կը հնարէ սուզանաւը` Անգլիոյ Ժագ Ա. թագաւորին համար:
Ան բազմաթիւ փորձեր կը կատարէ Անգլիոյ Թէյմզ գետին մէջ: Այս առաջին սուզանաւը կը յառաջանայ թիերու շնորհիւ եւ կրնայ փոխադրել չորս անձ:
- 1800-ին, Ամերիկացի գիւտարար Ռոպըրթ Ֆուլթըն ֆրանսական կառավարութեան կ'առաջարկէ շինել ընդծովեայ մեքենայ մը` Նոթելիուսը: 6.50 մեթր երկարութեամբ այս գլանը պողպատէ շինուած է: Անիկա կը յառաջանայ շնորհիւ պտուտակի մը, որ քշողը ձեռքով կը դարձնէ:
- 1863-ին Ֆրանսացիներ Պուրժուա եւ Պրըն կը շինեն շարժակով բանող առաջին սուզանաւը` Լը Փլոնժէօր: Անիկա 42,50 մեթր երկարութիւն ունի եւ կրնայ փոխադրել եօթը հոգի:
- 1888-ին Ֆրանսացի Կիւսթաւ Զետէ կը հնարէ ելեկտրական շարժակով բանող առաջին սուզանաւը` Լը Ժիմնոթ: Կամաց-կամաց բազմաթիւ երկիրներ պիտի սկսին օժտուիլ սուզանաւերով պատերազմելու համար, որովհետեւ անոնք կարելիութիւնը կու տան առանց նկատուելու` յարձակելու թշնամի նաւերուն վրայ:
- 1945-ի Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր (1939-1946) աշխարհի մէջ հազարաւոր սուզանաւեր շինուած են: Շնորհիւ հիւլէական ուժանիւթին` անոնք կրնան ջուրին տակ մնալ բազմաթիւ շաբաթներ, նոյնիսկ` բազմաթիւ ամիսներ[1]: