Jump to content

Պարսից Ծոց

Պարսից Ծոց
արաբերէն՝ الخليج الفارسي‎ Ալ խալիժ ալ ֆարսի պարս․՝ خليج فارس Խալիժէ Ֆարս

{{{Նկարագրութիւն}}}
դասաւորում
Ընդհանուր մակերեսը 239 հազ. քմ²
Ամենամեծ խորութիւնը 102 մ
Միջին խորութիւնը 50 մ

Պարսից ծոց (յաճախ ուղղակի՝ Ծոց), Արաբական թերակղզիին եւ Իրանի միջեւ գտնուող ծոց։ Հորմուզի նեղուցով միացած է Օմանի ծոցին, Արաբական ծովուն եւ Հնդկական Ովկիանոսին։[1]

Պարսից ծոց կը թափի Տիգրիս եւ Եփրատ երկու գետերէն յառաջացած մեծ գետը՝ Շաթ-ալ-Արապ անունով։

Պարսից ծոցին շրջանը աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է իր նաւթի հարուստ պաշարներով, որուն պատճառով 1991-ին համանուն պատերազմ մը ծագած է, հակառակ անոր, որ հիմնական կռիւը տեղի ունեցած է ցամաքի վրայ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծոցը ունի 251,000 քառ. քմ. տարածութիւն, որ արեւելքէն Հորմուզի նեղուցով կը միանայ Օմանի ծոցին, արեւմուտքէն՝ Շաթ-ալ-Արապ գետին, որ ծնունդ կ'առնէ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերէն: Ծոցին ամէնէն նեղ բաժինին տարածութիւնը 56 քմ. է: Ջուրը ընդհանրապէս ծանծաղուտ է, որուն ամէնէն խորունկ բաժինը 90 մեթր է դէպի վար, եւ միջին հաշուով ընդհանուր խորունկութիւնը կը կազմէ 50 մեթր:

Հետեւեալ կղզիները, սկսելով հիւսիսէն, եզերային շրջագիծ մը կը կազմեն Պարսից Ծոցին՝ Իրան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Քաթարի կղզիներէն մէկը՝ դէպի Եգիպտոսի թերակղզի տանող գիծին վրայ, Պահրէյնի կղզիներէն մէկը, իսկ հիւսիս-արեւմտեան կողմէն՝ Իրաքը: Ծոցը ունի նաեւ բազմաթիւ ներքին կղզեակներ:

Պարսից ծոցը աշխարհի հնագոյն ջրատարածքներէն մէկը կը համարուի, որ քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական առումներով եզակի նշանակութիւն ունի: Իրանի հարաւային շրջանին մէջ, դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցող այս ջրատարածքը կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած է [2]:

Աքեմենեան թագաւոր Դարեհի արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ Պարսից ծոցը այսպէս կը ներկայացուի. «Դրայա Թէյա Հաչա Փարսա Այթի» կամ «Պարսից ծոց», որ կը նշանակէ ծով մը, որ կ'անցնի Փարսէն: Յոյն պատմաբան Կլավիուս Ալյանուս, որ կ'ապրէր Բ. դարուն, «Անաւազիս» անունով գիրքին մէջ Պարսից ծոցը կը ներկայացնէ իբրեւ «Պերսիքոն Քայթաս», որ դարձեալ Պարսից ծոց կը նշանակէ: Ա. դարու յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտ Էստրագոն, իր գիրքին մէջ բազմիցս օգտուած է Պարսից ծոց բառակապակցութենէն: Լատինական աղբիւրներուն մէջ Պարսից ծոցը  նշուած է «Mare  Persicum» կամ «Պարսկական ծով» անունով: Բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ Պարսից ծոցը կը նշուի իբրեւ Sinus Persicus: Ֆրանսերէնով անիկա կը նշուի Golfe Persique, անգլերէնով` Persian Gulf, գերմաներէնով` Persischer Golf, իտալերէնով` Golfo Persi ico, ռուսերէնով` Персидский залив, ճափոներէնով` Perusha Wan, թրքերէնով` Farsi Korfozi: Ա. դարու հռոմէացի պատմաբան Լուինթուս Քուրտիուս Ռուֆուս օգտագործած է Aquarum Persico բառակապակցութիւնը[3]:

ՄԱԿ-ի 61-րդ փաստաթուղթին համաձայն` «Պարսից ծոց»  անուանումը եղած է Քրիստոսի ծնունդէն հարիւրամեակներ առաջ: Տարբեր լեզուներու մէջ անիկա ճանչցուած է իբրեւ «Փարս», «Փարս Իրան» եւ «Աճամ» անուններով: Քրիստոսի ծնունդէն առաջ, 5-րդ դարուն, այս տարածաշրջանը կոչուած է Պարսից ծոցի տարածաշրջան: Այլ խօսքով, յոյները, հռոմէացիները եւ անոնցմէ ետք արեւելեան Հռոմն ու աբբասեան էմիրները, իսլամ աշխարհագէտները, ինչպէս նաեւ կարգ մը պատմական գիրքեր մշտապէս օգտագործած են այս անունը: Յատկանշական, է որ երբ Փորթուկալցիներն ու սպանացիները մուտք կը գործէին Պարսից ծոց, անոնց փաստաթուղթերուն մէջ նոյնպէս կը նշուէր այս անունը: Իսկ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները երբ հոն ժամանած են, դարձեալ օգտագործած են «Պարսից ծոց» անուանումը: Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, նախկին ԽՍՀՄ եւ ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերուն մէջ նոյնպէս այս ծոցը նշուած  է իբրեւ «Պարսից ծոց»[4]:

Ովկիանագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսից ծոցը կապուած է Հնդկական ովկիանոսին՝ Հորմուզի նեղուցին միջոցով:

Ծոցը կազմուած է Իրանէն եւ Իրաքէն բխող գետերուն ջուրերով (մօտաւորապէս 2000 քառ. մեթր իւրաքանչիւր երկվայրկեան):

Ծոցին ջուրը այնպիսի յատկութիւն մը ունի, որ արագ կը շոգիանայ, հակառակ անձրեւի եւ գետերու ջուրերուն բեռնաթափութեան: Ծոցին ջուրը իւրաքանչիւր տարի կը պակսի 416 քառ. մեթր:

Պարսից ծոցը ունի բազմաթիւ կղզիներ, որոնցմէ է օրինակ Պահրէյնը: Աշխարհագրականօրէն ամէնէն մեծ կղզին Գէշմն է, որ կը գտնուի Հորմուզի նեղուցին մէջ եւ կը պատկանի Իրանին: Ծոցին նշանաւոր կղզիներէն են նաեւ Մեծ ու փոքր Թանպերը եւ Քիշ կղզին, որոնք կը մատակարարուին Իրանին կողմէ, Պուպիան, որ կը մատակարարուի Քուէյթին կողմէ, Թարութը, որ կը մատակարարուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, իսկ Տալման, որ կը մատակարարուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ: Վերջին քանի մը տարիներուն աւելցած են նաեւ արհեստական կղզիներ՝ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար:

Պարսից Ծոցին կղզիները հին ժամանակներէն ի վեր իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած են, որովհետեւ անոնք գործածուած են գաղթական ուժերու կողմէ, օրինակ Փորթուկալի եւ Անգլիոյ կայսրութեան կողմէ, իբրեւ առեւտուրի կեդրոններ եւ կամ իրենց կայսրութեան ներկայացուցիչ ուժերուն կեդրոններ:

Քաղաքը եւ Բնակչութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

8 քաղաքներ կը շրջապատեն Պարսից Ծոցը, որոնք են՝ Պահրէյն, Իրան, Իրաք, Քուէյթ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Օման: Ծոցին ռազմագիտական իտէալական դիրքը առիթ տուած է շրջակայքը բնակող ժողովուրդներուն զարգացման: Ներկայիս Միջին Արեւելքի մեծ երկիրներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի այս շրջանին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 52։ ISBN 99941-56-03-9 
  2. Ռազմական կարեւորութիւնը
  3. Անուանումը
  4. «Պարսից ծոց»