Jump to content

Փոլոնիա

(Վերայղուած է Լեհաստան-էն)
Երկիր
Փոլոնիա
լեհ.՝ Rzeczpospolita Polska
լեհ.՝ Polska
Դրօշակ Զինանշան


Move your imagination եւ Dychmyga!
Երկիր  Լեհաստան
Ներքին բաժանում Ներքինսիլեզյան վոյեվոդություն?, Լոձի վոյեվոդություն?, Świętokrzyskie Voivodeship?, Lesser Poland Voivodeship?, Լյուբլինի վոյեվոդություն?, Մազովեցի վոյեվոդություն?, Kuyavian-Pomeranian Voivodeship?, Օպոլյան վոյևոդություն?, Subcarpathian Voivodeship?, Lubusz Voivodeship?, Pomeranian Voivodeship?, Warmian-Masurian Voivodeship?, Սիլեզիայի վոյեվոդություն?, Պոդլյասկի վոյեվոդություն?, Արևմտյան Պոմորիեի վոեվոդություն? եւ Greater Poland Voivodeship?
Լեհաստանի վարչապետ? Դոնալդ Տուսկ?
Օրէնսդրական մարմին Լեհաստանի խորհրդարան?
Հիմնադրուած է՝ 11 Նոյեմբեր 1918
Տարածութիւն 312 683 քմ²
ջրայինը 2,6 տոկոս, 2,7 տոկոս
Պաշտօնական լեզու լեհերեն?
Բնակչութիւն 38 382 576 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2019)[1]
Կը գտնուի ափին Պալթեան Ծով[2], Օդրա?, Lusatian Nysa?, Jizera?, Divoká Orlice?, Opava?, Olza?, Orava?, Białka?, Dunajec?, Poprad?, Արևմտյան Բուգ?, Վիսլա? եւ Noteć?
Ժամային գօտի ԿԵԺ, UTC+1, UTC+2, Europe/Warsaw? եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Ամառնային Ժամանակացոյց
Շրջագայութեան պետ-համարագիր PL
Պարգեւներ Thomas Merton Award?
Անուանուած է Polans?
Սուրբ բարեխօս Adalbert of Prague? եւ Stanislaus of Szczepanów?

Փոլոնիա կամ Լեհաստան[3], պաշտօնական անուանումը՝ Rzeczpospolita Polska (կը կարդացուի՝ Ժեչփոսփոլիթա Փոլսքա), պետութիւն է Կենտրոնական Եւրոպայի մէջ՝ Վիսլա եւ Օտրա գետերու աւազանին մէջ՝ Պալթիկ ծովու ափին։

Կը սահմանակացնէ արեւմուտքէն Գերմանիոյ, հարաւէն՝ Չեխիային եւ Սլովակիային, արեւելքէն՝ Ուքրանիոյ եւ Պելառուսին, հիւսիս–արեւելքէն՝ Լիտվային եւ հիւսիսի փոքր հատուածի մը մէջ Ռուսաստանի Կալինինգրադի մարզի հետ։ Բացի ատոնցմէ, կը կիսէ ծովային սահմանը Դանիայի եւ Շվեդիայի հետ։

Լեհաստանի որպէս պետութիւն առաջացման տարեթիւ ընդունուած համարած է 966 թուականը, երբ Միեշկո 1 իշխանը ընդունեց քրիստոնէութիւն։

Մայրաքաղաքն է Վարշաուան, իսկ միւս մեծ քաղաքներէն են Կրակովը, Վրոցլավը, Գդանսկը։

Կոչուած է լեհ ժողովրդի անունով, որուն նախահայրը, ըստ աւանդութեան, եղած է Չեխի եւ Ռուսի առասպելական եղբայր Լեհը։[4]

Ժամանակակէն Լեհաստանի տարածքին մէջ, մեր թուականութեան մէջ սկզբին կը բնակէին գերմանական սկիրներու եւ լուգիացիներու ցեղերը։ Այնուհետեւ անոնց փոխարինեցին վելբարեան մշակոյթի գոթերը, իսկ 1-ին հազարամեակի վերջին՝ արեւելեան պոլեանները, որոնց անունով կոչուեցաւ երկիրը, եւ լեախերը, որոնց անունէն առաջացաւ միւս ազգերու կողմէն ժողովուրդին տրուած անունը։ Հայերէն «լեհ» անունը նոյնպէս կը ծագի լեախերու ցեղի անունէն։

Լեհաստանի ամբողջ պատմութիւնը լի է դրամատիկ իրադարձութիւններով, հարեւան տէրութիւններու ներխուժումներով ու զաւթումներով։ Իր պատմութեան ընթացքին, Լեհաստանը երեք անգամ իրար մէջ բաժանած են հարեւան պետութիւնները։ Ներկայիս սահմանները ձեւաւորուած են Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք։ Աւելի քան երեսուն տարի Խորհրդային Միութեան գերիշխանութեան տակ գտնուելէն ետք, Լեհաստանը 2001 թ.-էն Եւրամիութեան անդամ-երկիր է։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմաբաններու շրջանին մէջ, ընդունուած է կարծել, որ ժամանակակէն Լեհաստանի տարածքին մէջ ուշ անտիկ ժամանակաշրջանէն սկսած բնակած են տարբեր ցեղեր։ Այս ցեղախումբերու էթնիկ եւ լեզուական պատկանելիութիւնը բուռն բանավէճերու առարկայ է։ Հիմնական խնդիրը այն հարցն է, թէ սլաւոնական ցեղերը երբ բնակեցուցած են այս տարածքները։[5]

Պիաստներու տոհմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի քարտեզը 960-992 թթ.

Լեհաստանը սկսած է կայանալ որպէս միասնական տարածքային միաւոր մօտ 10-րդ դարու կէսերուն՝ Պիաստներու տոհմի կառավարման շրջանին մէջ։ Պատմական վավերագրերուն մէջ որպէս Լեհաստանի առաջին առաջնորդ կը համարուի Միեշկո I-ը, ով 966 թ-ին մկրտուած է եւ կաթողիկէութիւնը հռչակել իր հպատակներու նոր պաշտոնական կրօն։ Յաջորդ մի քանի դարերու ընթացքին, մկրտութիւն ընդունած է երկրի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 1000 թ-ին Բոլեսլավ Խիզախը, շարունակելով իր հոր՝ Միեշկոյի քաղաքականութիւնը, Գնիեժնոյի մէջ, համաժողով կ'անցնացնէ՝ ստեղծելէն Գնիեժնոյի մետրոպոլիտութիւնը ու Կրակովի, Կոլոբժեգի եւ Վրոցլավի թեմերը։ 1109 թ-ին Բոլեսլավ III-ը Հանդսֆելդի ճակատամարտին, պարտութեան կը մատնէ Գերմանիոյ թագաւոր Հենրիխ V-ին։ 1138 թ-ին Բոլեսլավ III-ը կը բաժնէ Լեհաստանը իր որդիներու միջեւ։ 1226 թ-ին Մազովիայէն Պիաստներու դինաստիայէն Կոնրադ I դուքսը հրաւիրուած է Տեւտոնական ասպետներուն Բալթիկ պրուսական հեթանոսներու դէմ համատեղ պայքարելու համար։ Այս որոշումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի պատմութեան ընթացքին, Տեւտոնական ասպետներու ներգրաւուածութեան համատեքստին մէջ։ 13-րդ դարու կէսերուն Պիաստներու դինաստիայի Սիլեզիական ճիւղը գրեթէ յաջողութեամբ միաւորեց լեհական հողերը, սակայն, այնուհետեւ, երկիրը կը գրաւեն մոնկոլները։ Անոնք յաղթանակ տարան 1241 թ-ին Լեգնիցայի ճակատամարտին, ուր մահացաւ դուքս Հենրի II Պիաստը։ 1320 թ-ին, լեհական դքսութիւններու համախմբման մի քանի անյաջող փորձերէն ետք, Վլադիսլավ I-ին յաջողեցաւ միաւորել լեհական հողերու հիմնական մասը եւ դառնալ միաւորուած Լեհաստանի առաջին թագաւորը։ Անոր որդի Կազիմիր III-ը (1333-1370 թ.թ.) կը համարուի լեհ ամենահզոր թագաւորներէն մէկը եւ ունեցած է առեւտուրի մեծ հովանաւորի համբաւ։ Ան իր թագաւորական հովանաւորութիւնը կը տարածէ հրեաներու նկատմամբ։ Կազիմիր III-ն իր թագաւորութեան տարածքները կ'ընդլայնէ շուրջ 250%։ 12-րդ դարու առաջնորդները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ կրթութեան, որուն արդիւնքին մէջ Լեհաստանը կը դառնայ այդ ժամանակներու Եւրոպայի ամենակրթուած երկրներէն մէկը։ Կրակովի եկեղեցւոյ 1110 թ-ի վավերագրերին մէջ կը նշուի, որ ժամանակի լեհ մտավորականները յաղորդակցուած են եւրոպական գրականութեան հետ։[6][7]

Կազիմիր III-ը գիտակցած է, որ երկիրը կրթուած մարդկանց, յատկապէս իրաւաբաններու կայուն խաւի կարիք ունի, ովքեր կրնայ էին կոդիֆիկացնել պետութեան օրէնքները, աշխատիլ դատարաններուն մէջ։ Անոր ջանքերու շնորհիւ Հռոմի Պապ Ուրբանոս V-ը կը թոյլատրէ հիմնել Կրակովի Համալսարանը։ Կազիմիրի մահէն ետք, գահը չ'ունենար արժանի հետնորդներ. անոր արու ժառանգորդները չափազանց երիտասարդ էին։ Այդ պատճառով ալ կը դադարէ Պիաստներու դինաստիա-ն։

Նոյն այս ժամանակահատուածին մէջ, Լեհաստանի մէջ կը նկատուին նշանակալի միգրացիոն հոսքեր։ Քաղաքները հիմնականին մէջ, կը բնակին գերմանացիներու կողմէ, արտոնութիւններ կը ստանան հրեական եւ հայկական համայնքները։

Յագելոնեան Արքայատոհմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յագելոնեան արքայատոհմը Լեհաստանի մէջ, կառավարած է ուշ միջնադարէն մինչեւ նոր ժամանակներու պայմանական բաժանման սկիզբը։ Հենց Յագելոնեան արքայատոհմի ժամանակ (1386-1527 թ.թ.) կը ձեւաւորուի լեհ-լիտվական միութիւնը։ Տոհմի հիմնադիրն է Լիտվայի մեծ իշխան Յոգալիան (լեհական տարբերակին մէջ Վլադիսլավ II Յագելոն)։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ լեհական ազդեցութեան տակ յայտնուեցան Լիտվայի պատկանող բազմաթիւ ռուսական տարածքներ։ Այս միութիւնը միջնադարեան Եւրոպայի ամենամեծ եւ ամենատեւական քաղաքական միաւորն էր։ Այս ընթացքին շարունակուեցաւ պայքարը հիւսիսին մէչ, Տեւտոնական ասպետներու հետ։ 1410 թ-ի Գրունվալդի ճակատամարտին, լեհ-լիտվական զորքերը վստահ յաղթանակ տարին, որ էլ հնարաւորութիւն տուաւ ընդլայնել պետութեան սահմանները հիւսիսին մէջ՝ ներառելով Լիվոնիան։[8] 1466 թ-ին տասներեքամյա պատերազմէն ետք, Կազիմիր IV Յագելոնն արքայական համաձայնութիւն տուաւ Թորնի Խաղաղութեամբ ստեղծելու Պրուսիայի դքսութիւնը, որ լեհական վասալային միաւոր կ'ըլլար։ Յոգելոնեան արքայատոհմը իր ազդեցութիւնը տարածած է նաեւ Բոհեմիայի եւ Հունգարիոյ վրայ։[9],[10]

Հարաւին մէջ, Լեհաստանը կը պայքարէր Օսմանեան կայսրութեան եւ Ղրիմի թաթարների դէմ (վերջիններս 1474-1569 թ.թ. ժամանակահատուածին մէջ, 75 անգամ կը յարձակին գործել Լեհաստանի վրայ)26, իսկ արեւելքին մէջ, կ'օգնէր Լիտվային՝ պայքարիլ Մոսկովեան Մեծ Իշխանութեան դէմ։ Որոշ պատմաբաններու գնահատմամբ՝ Ղրիմի թաթարներու կողմէն ստրկութեան տարուած լեհերու թիւը 1494-1694 թուականներուն կազմած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ։[11]

Լեհաստանի մէջ, այս ժամանակահատուածին մէջ, հիմնականին մէջ կը զարգանար գիւղատնտեսական ֆեոդալական պետութիւն։ Զգալիօրէն կ'աճէր հողատեր ազնուականութեան դերը։ Լեհական Սեյմի՝ խորհրդարանի կողմէն 1505 թ-ին ընդունուած որոշմամբ օրենսդրական իշխանութեան հիմնական մասը միապետէն կը փոխանցուի խորհրդարանին։ Այս ժամանակահատուածը յաճախ կ'անուանեն «Ոսկէ ազատութեան» ժամանակ, երբ երկիրը կը կառավարուէր ազատ եւ հաւասար լեհական ազնուականութեան կողմէն։ Բողոքական Ռեֆորմացիայի շարժումները էական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ լեհական քրիստոնէութեան վրայ, որուն արդիւնքին մէջ ընդունուեցան Եւրոպայի մէջ, այդ ժամանակ դեռեւս եզակի կրօնական հանդուրժողականութեան կանոններ։ Ընդունուած է համարել, որ հենց այս կանոններու շնորհիւ Լեհաստանի մէջ, չբռնկուեցան ներքին կրօնական պատերազմներ, որոնք այդքան բնորոշ էին ուշ միջնադարեան Եւրոպային։ Վերածնունդի ժամանակաշրջանը համիյնկաւ ուշ Յագելոնեան տոհմի կառավարման հետ (Սիգիզմունդ I եւ Սիգիզմունդ II Օգոստոս արքաներու ժամանակաշրջան)։ Այս ընթացքին, մեծ վերելք կ'ապրին լեհական մշակոյթն ու տնտեսութիւնը։ 1543 թ-ին ազգութեամբ լեհ Նիկոլայ Կոպեռնիկոսը կը հրատարակէ իր «Երկնային ոլորտներու պտոյտի մասին» (De revolutionibus orbium coelestium) հիմնարար աշխատութիւնը, որմով եւ կը դառնայ հելիոցենտրիկ տեսութեան հիմնադիրը։ Այս տեսութիւն ալ հետագայինն, կ'ընդունուի որպէս ժամանակակէն աստղագիտութեան հիմք։ Այս ժամանակաշրջանի մեծագոյն մշակութային գործիչներու, կը համարուէին նաեւ բանաստեղծ Յան Կոխանովսկին։[12]

Լեհ-լիտուական Միութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհ-լիտվական միութեան քարտէսը՝ 1635 թ.

1569 թ-ի Լիւբլինի դաշնագրով ստեղծուած է Լեհ-լիտվական միութիւնը։ Այն դաշնային պետութիւն էր՝ ընտրովի միապետութեամբ, սակայն ան հիմնականին մէջ՝ կը կառավարէր ազնուականութիւնը տեղական ժողովներու եւ միասնական խորհրդարանի՝ Սեյմի միջոցով։ Միութեան կայացման ժամանակը համընկած է Լեհաստանի կայունութեան եւ բարգավաճման շրջաններէն մէկուն հետ, որուն շնորհիւ ալ միութիւնը հետագային դարձաւ եւրոպական տէրութիւնը՝ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, զբաղեցնելով գրեթէ մէկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Այս տէրութիւնը դարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ, Բելառուսի եւ Արեւմտեան Ռուսաստանի մէջ «արեւմտականացման», նոյնիսկ «լեհականացման» նշանակալի գործոններէն մէկը։ Լեհաստան-Լիտվայի մէջ, տեղի ունեցած են մի քանի տոհմական ճգնաժամեր, մասնաւորապէս Վազա տոհմի թագաւորներ Սիգիզմունդ III-ի եւ Վլադիսլավ IV-ի օրոք։ Բացի այդ, երկիրը ներգրաւուեց Ռուսաստանի, Օսմանեան կայսրութեան, Շվեդիայի եւ կոզակներու հետ շարք մը պատերազմներու եւ բախումներու մէջ։[13]

17-րդ դարուն կէսերուն ազնուականական ժողովրդավարութեան ներսը, կը նկատուին ներքին խնդիրներ՝ պետութիւնը խոցելի դարձնելով արտաքին ներխուժումներու համար։ 1648 թ-ին երկրի հարաւին մէջ, կը բռնկուի հետման Բոգդան Խմելնիցկու գլխաւորած ապստամբութիւնը, որուն արդիւնքին մէջ, կը բաժնուի Ուքրանիան. արեւելեան հատուածը կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Ատոր կը հետեւի շվեդական ներխուժումը, որուն արդիւնքին մէջ, մեծ վնասներ կը կրեն Լեհաստանի կեդրոնական շրջանները։ Ներխուժումներուն կը հետեւին սովը եւ համաճարկներ, որուն արդիւնքին մէջ բնակչութեան թուաքանակը 11 միլիոնէն կը նուազի 7 միլիոնի։[14]

Այնուամենայնիւ, Յան III Սոբիեսկուն կը յաջողի վերականգնել Միութեան ռազմական ենթակառուցուածքները, իսկ 1683 թ-ին լեհական զորքերը մեծ ներդրում կ'ունենան Վիեննան Կարա Մուտաֆայի թուրքական զորքերու շրջափակումէն ազտելու գործին մէջ։ Չնայած այս բոլորին, Յան Սոբիեսկու կառավարման շրջանը դարձաւ լեհական պետութեան ոսկէ դարաշրջանի աւարտը. բազմաթիւ պատերազմներու արդիւնքին մէջ, Լեհաստանը հսկայական տնտեսական եւ բնակչութեան կորուստներ կը կրէ, որուն հետեւանքով կը կորցնէ իր տիրապետող դիրքը Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Միութեան անկման վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ մագնատներու միջեւ ներքին հակասութիւնները, որուն հետեւանքով բաւական թուլացաւ նաեւ միապետութիւնը։ Այս ժամանակաշրջանը համընկաւ Սաքսոն Վետինն արքայատոհմի Ավգուստ I եւ Ավգուստ II արքաներու կառավարման շրջանի հետ։ Բացի այդ, այդ գործընթացի վրայ իրենց ազդեցութինը ունեցան նաեւ Ռուսաստանի եւ Պրուսիայի վերելքը։ Այնուամենայնէն, հենց այդ դարաշրջանին, Լեհաստանի մէջ դրուեցան Լուսաւորութեան հիմքերը։[15]

18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Միութիւնը փորձեց ներքին հիմնարար բարեփոխումներ իրականացնել տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։ Մայրաքաղաքը Գդանսկէն տեղափոխուեցաւ բնակչութեամբ ամենամեծ քաղաք՝ Վարշավա։ 1764 թ-ի միապետի ընտրութիւններուն մէջ, ազդեցիկ մագնատներու տոհմէն ընտրուեցաւ Ստանիսլավ Ավգուստ Պոնիատովսկին, ով ժամանակին եղած է Ռուսաստանի կայսրուհի Եկատերինա II-ի սիրեկանը։ Ան կը փորձէ որոշակի ներքին բարեփոխումներ իրականացնել՝ միաժամանակ պահպանելով կապերն իր ռուս հովանաւորներու հետ։ 1768 թ-ին կը ձեւաւորէ Ազնուական համադաշնութիւնը կամ շլյախտան (Լեհերէն՝ szlachta), որ ապստամբութիւն կը բարձրանայ թագաւորի եւ անոր հովանաւոր Ռուսաստանի դէմ՝ պահպանելու համար իրենց աւանդական արտոնությունները։ Այս բոլոր զարգացումները 1772 թ-ին բերեցին Լեհաստանի առաջին բաժանմանը Ռուսաստանի, Աւստրիայի եւ Պրուսիայի միջեւ։ Այսպէս կոչուած «Բաժանման Սեյմը» կանգնեց կատարուած փաստի առաջ եւ ստիպուած էր վավերացնել բաժանման մասին ակտը։[16] Չնայած այս հսկայական կորուստներուն՝ 1773 թ-ին թագաւորը կը հիմնադրէ Ազգային կրթութեան յանձնաժողովը, որ կը դառնայ կրթութեան հարցերով զբաղուող առաջին պետական հաստատութիւնը Եւրոպայի մէջ։

Ժամանակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[17]

960-992 թթ.-Պյաստերու դինաստիայի Մեշկո I-ի տիրակալութիւնը։ Լեհական պետութեան ձեւաւորումը Գնեզնոյի շուրջ։
966 թ.-Մեշկո I-ի քրիստոնէութեան ընդունումը լատինական արարողակարգով։ Լեհական թագաւորութիւնը կը յայտնուի պապի գահի հովանաւորութեան ներքոյ։
992-1025 թթ.-Բոլեսլավ I Խիզախ; պայքար գերմանական կայսր Հենրիխ II-ի հետ։ Արեւմուտքին մէջ, տարածքի ընդլայնումը ծովամերձ Սիլեզիայի, Լուժիցի եւ այլնի հաշուին։ Արշաւանքներ դէպի արեւելք; Կիեվի ժամանակաւոր զաւթումը (1018 թ.)։ Բոլեսլավ I-ը կը թագադրէ որպէս Լեհաստանի թագաւոր։
XI դ.-Ֆեոդալական մասնատուածութեան սկիզբը։ Պայքար գերմանական կայսեր դէմ։ Պապերը, ան մանաւանդ Գրիգորիոս VII-ը, առաւել յաճախ հանդէս կու գան Լեհաստանի թագաւորի կողմէն։ Լեհերը կաթողիկէութեան մէջ կը սերմանան Պոմորիեյի մէջ։
1138 թ.-Բոլեսլավ III-ի մահը եւ անոր ժառանգորդներու միջեւ կատաղի պայքարի սկիզբը։
1226 թ.-Պայքարելով հեթանոս պրուսներու դէմ, իշխան Մազովեցկին օգնութեան կոչ կ'ընէ Տեւտոնական օրդենին։ Ասպետները կը գրաւեն Պրուսիան եւ կը դառնան հենց Լեհաստանի անկախութեան սպառնալիք։
1241 թ.-Թաթար-մոնկոլական արշաւանքը։ Կրակովի թալանը։
XII-XIII դարեր-Լեհական հողերու գաղութացումը լեհական ֆեոդալներու կողմէն խրախուսուող Գերմանիայէն եկած վերաբնակներու կողմէն։
XIII դարու երկրորդ կիսուն-Մագդեբուրգի իրաւունքի հիման վրայ լեհական քաղաքներու (Վրոցլավ, Կրակով, Պոզնան, Տորուն) ինքնիշխանութեան ձեռքբերումը։
1320 թ.-Վլադեսլավ I Լոկետեկի կողմէն լեհական հողերու միաւորումը։
1333 թ.-Կազիմիր III։ Կիեւեան Ռուսիոյ գալիցեան եւ վոլինեան հողերու զաւթումը։
1384 թ.-Լեհ թագուհի Յադվիգայի ամուսնութիւնը Լիտվանիայի Յգայլոյ մեծ իշխանի հետ, որ ընտրուեցաւ Լեհաստանի եւ Լիտուանիայի թագաւոր Վլադիսլավ II անունով։
1410 թ.-Գրիւնուալդի ճակատամարտը։ Վլադիսլաւ II-ի գլխաւորութեամբ լեհա-լիտուա-ռուսական զորքերը կը ջախջախեն Տեւտոնական օրդենի զորքերը։
1454 թ. եւ 1505 թ.-Նեշավեան ստատուտներն ու Nihil Novi Սահմանադրութիւնը կը սահմանափակեն թագաւորի իշխանութիւնը եւ անոր կը դնեն շլյախտէն կախման մէջ։
1543 թ.-Կոպերնիկոսի մահը։
1569 թ.-Լիւբլինի ունիան։ Լեհա-լիտուանական Րեչյ Պոսպոլիտա պետութեան վերջնական ձեւաւորումը։
XVI դ. կեսեր -Կրակովում մշակութային եւ ինտելեկտուալ կեանքի ծաղկումը։
1587 թ.-Pacta Conventa՝ շլյախտայի կողմէն թագաւորական իշխանութեան հետագայ սահմանափակումը։
1587-1632 թթ.-Սիգիզմունդ III-ի տիրապետութիւնը։ Ան ջանադրաբար կը սերմանայ կաթողիկէութիւն։
1596 թ.-Բրեստի եկեղեցական ունիան; Ուքրանիոյ մէջ, Հռոմին ենթակայ, բայց ուղղափառ արարողակարգով միասնական եկեղեցւոյ առաջացումը։
1610 թ.-Սիգիզմունդ III-ի որդի Վլադիսլաւ արքայազնի հռչակումը ռուսական ցար, այսպէս կոչուած Խռովութեան ժամանակաշրջանին մէջ։
1648 թ.-Ուքրանիոյ մէջ կազակներու ապստամբութիւնը։
1651 թ.-Յան-Կազիմիրի զորքերէն կրած պարտութենէն ետք, Բոգդան Խմելնիցկին կը հակուի Ռուսիոյ կողմը։
1652 թ.-Լեհական սեյմի կողմէն Liberum Veto սկզբունքի ընդունումը։ Այսուհետեւ ցանկացած որոշում կ'ընդունուի սեյմի մասնակիցներու բացարձակ միաձայնութեան դէպքին մէջ, միայն։
1655-1656 թթ.-Շվեդներու ներխուժումը՝ պայքար Պալթիական ծովու վերահսկողութեան համար։ Յասնոգորսկի վանքի (Չենստոխովի) հերոսական պաշտպանութիւնը։
1660 թ.-Շվեդիայի հետ կնքուած Օլիվի խաղաղ պայմանագիրը։
1667 թ.- Անդրուսովոյի հաշտութիւնը Ռուսիոյ հետ։ Ռուսիոյ մէջ, կ'անցնին Սմոլենսկը, Ձախափնեայ Ուքրանիան։
1683 թ.-Թուրքերու դէմ Վիեննայի մօտ Յան Սոբեսկիի գլխաւորած լեհ-աւստրիական զորքերու տարած յաղթանակը։
XVIII դ.-Րեչյ Պոսպոլիտայի անկումը, հարեւաններու՝ Պրուսիայի, Շվեդիայի, Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ կողմէն անոր վերածումը տարածքային հաւակնութիւններու։
1772 թ.-Լեհաստանի առաջին բաժանումը Պրուսիայի, Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Լեհաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքներու երրորդը։
1791 թ.-Ժ.-Ժ.Ռուսոյի գաղափարներով ոգեշնչուած սահմանադրութիւնը։
1793 թ.-Լեհաստանի երկրորդ բաժանումը։
1794 թ.-Թադեուշ Կոստյուշկոյի գլխաւորած ապստամբութիւնը; ռուսական զորքերու կողմէն այն ճնշելը; Վարշավայի Պրագա արւարձանի կոտորածը։
1795 թ.-Լեհաստանի երրորդ բաժանումը եւ լեհական պետութեան անհետացումը Եւրոպայի քարտէսէն։ Անոր տարածքի 45%-ն կ'անցնի Ռուսիոյ, 19%-ը՝ Պրուսիային, 35%-ը՝ Աւստրիոյ։
1807 թ.-Նապոլեոն I-ի եւ Դոմբրովսկու Լեհական լեգեոնի շնորհիւ կը ձեւաւորուի Վարշաւայի հերցոգութիւնը։
1815 թ.-Լեհաստանի վերաբաժանումը Վիեննայի կոնգրեսի պայմաններով։ Լեհական Թագաւորութեան ստեղծումը։
1830-1831 թթ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, ռուսական կառավարութեան կողմէն ճնշումը։ «Վարշաւայի մէջ, կը թագաւորէ կարգուկանոնը»,-կը յայտարարէ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սեբաստեանին։
1831 թ.-Լեհական մտաւորականութեան սերուցքի՝ Միցկեւիչի, Շոպենի եւ այլոց վտարելու սկիզբը։
1846 թ.-Պրուսական Լեհաստանի մէջ Լ.Մերոսլավսկու գլխաւորած եւ աւստրիական Լեհաստի մէջ Է.Դեմբովսկու գլխաւորած ապստամբութիւնները՝ 1848 թ. «Ժողովուրդներու գարնան» նախաշեմը։
1853 թ.-Ապստամբութիւն Լեհական Թագաւորութեան մէջ, որ ճնշուեցաւ Պրուսիայի օգնութեամբ։
1916 թ.-«Լեհական Պետութիւն» ստեղծելու մասին աւստրա-գերմանական դեկլարացիան։
1917 թ.-Լենինը կը ճանաչնայ գերմանական պետութիւններու տիրապետութեան տակ գտնուող Լեհաստանի ինքնորոշման իրաւունքը։
1918 թ.-Անկախ Լեհական պետութեան ապստամբութիւնը։
1919 թ.-Առաջին, օրենսդիր սեյմը։ Պիլսուդսկու կառավարութիւնը։
1919-1920 թթ.-Լեհ-սովետական պատերազմը; գերմանա-լեհական կոնֆլիկտը Սիկեզիայի պատճառով։
1926 թ. մայիս-Գեներալ Պիլսուդսկու պուտչը։
1938 թ.-Լեհերու հրաժարիլը Ֆրանսայի եւ ֆաշիստական Գերմանիոյ միջեւ պատերազմի դէպքին մէջ, խորհրդային զորքերուն ճանապարհ տալէն։ Չեխասլովակեան ճգնաժամի ժամանակ Լեհաստանի կողմէն Տեշինեան Սիլեզիայի անեքսիան։
1939 թ. Օգոստոս 23-Գերմանա-սովետական պակտը։
1939 թ.սեպտ.1-Գերմանական զորքերու Լեհաստան ներխուժումը։
1939 թ.հոկտեմբեր-Խորհրդային Միութիւնը կ'օկուպացնէ Լեհաստանի արեւելեան մասը։ Լոնտոնի մէջ լեհական կառավարութեան ստեղծումը։
1943 թ.-Վարշաւեան գետոյի ապստամբութիւնը։ Կատինան կոտորածի բացայայտումը առաջ կը բերէ լոնտոնեան կառավարութեան խզումը Մոսկուայի հետ։
1943 թ. դեկտ.-Մոսկուայի օգնութեամբ Կրայովա Ռադա Նարոդովայի ստեղծումը։ Կրայովայի բանակը կը ճանաչնայ միայն Բուրա-Կոմարովսկի մէջ՝ լոնտոնեան կառավարութեան ենթակային։
1944 թ.Օգոստ.1-Վարշաուայի ապստամբութեան սկիզբը։
1944 թ.Դեկտ.31-Խորհրդային եւ Կրայովա Ռադա Նարոդովայի զորքերու մուտքը Վարշաւա։
1945 թ.-Յալթայի կոնֆերանսը կ'որոշէ Լեհաստանի ապագայ սահմանները։
1947 թ.-Դեմոկրատական «բլոկի» կառավարութիւնը սոցիալիստ Ցիրանկեւիչի գլխաւորութեամբ։
1949 թ.-Միութիւնը ԽՍՀՄ հետ եւ Լեհաստանի սովետականացումը; Կոմունիստ Գոմուլկայի կալանումը Տիտոյի գործէն ետք; խորհրդային մարշալ Ռակասովսկին կը նշանակուի ազգային պաշտպանութեան նախարար։ Կարդինալ Վիշինսկու կալանումը։
1956 թ.-Պոզնանյի ապստամբութիւնը; Գոմուլկայի վերադարձը։ «Լեհական Հոկտեմբերը»; հրաժարում կը բռնէ կոլեկտիւացումէն։ Կարդինալ Վիշինսկու ազատումը; եկեղեցւոյ հանդէպ հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը։
1968 թ. Մարտ-Ուսանողական ցոյցեր Վարշաւայի մէջ, ոստիկանութեան կողմէն ատոնց դաժան ճնշումը; Գոմուլկայի տեղը կու գայ Գերեկը։
1970-1980 թթ.-Տնտեսութեան փլուզումն ու բիւրակրատիայի ռեժիմն կ'առաջացնեն գործադուլներ Գդանյսկի մէջ; «ազատ» արհմիութիւններու կազմաւորումը։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի աշխարհագրական քարտէսը

Լեհաստանի ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 312,685 քառակուսի քմ։ Տարածքային առումով կը գրաւէ աշխարհին 70-րդ, իսկ Եւրոպայի մէջ 9-րդ տեղը։ Երկիրը բաժանուած է 16 մարզերու՝ վոյեվոդութիւններու, որոնք իրենց հերթին կը բաժանչուին պովիատներու եւ գմինաներու։ Տարածքի ցամաքային մասը կը կազմէ 304,225 քառ. քմ, իսկ ջրայինը 8,430 քառ. քմ[18]։ Տարածքի 35.49 տոկոսը կը կազմեն վարելահողերը։ Ընդհանուր սահմանները կը կազմեն 3,071 քմ (Չեխիա՝ 796 քմ, Սլովակիա՝ 541 քմ, Ուքրանիա՝ 535 քմ, Գերմանիա՝ 467 քմ, Բելառուս 418 քմ, Ռուսիա (Կալինինգրադի մարզ)՝ 210 քմ, Լիտուա՝ 104 քմ)[19] Ջրային սահմանը կը կազմէ 440 քմ։ Լեհաստանի ամենաբարձր կէտը Ռիսի լեռն է, բարձրութիւնը կը կազմէ 2499 մեթր։ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւան է, մեծ քաղաքներն են Կրակովը, Վրոցլավը, Պոզնանը Գդանսկը։

Կլիման չափաւոր ցամաքային է։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը ծովափին եւ երկրի արեւմուտքին մէջ—1 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ —3 °C, լեռներուն մինչեւ՝ —6 °C, Յուլիսինը՝ հիւսիսին մէջ 11 °C—17 °C է, կեդրոնական շրջաններուն մէջ՝ 18—19 °C, լեռներուն մէջ՝ 10—14 °C: Տարեկան տեղումներու քանակը հարթավայրերուն մէջ 500—700 մմ են, լեռներուն մէջ՝ 800—1800 մմ։ Մեծ գետերն են Վիսլան եգ Օդրան։ Կը հաշւըուի աւելի քան 9000 լիճ, մեծ մասը՝ երկրի հիւսիսին մէջ։ Կարպատներու եւ Մուդետներու ստորոտներին կան հանքային աղբիւրներ։

Հողեր եւ Բուսականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի տարածքի կէսէն, աւելին հերկուած է, 27 %-ը կը զբաղեցնեն անտառները՝ փշատերեւ ծառատեսակներու գերակշռութեամբ։ Հարթավայրերուն մէջ, տարածուած են պոդզոլային հողերը, արեւելքին եւ հիւսիս-արեւելքին մէջ՝ ճահճային, նախալեռներում՝ գորշ անտառային, նախալեռնային հարթավայրերուն մէջ՝ սեւահողերը, լեռներուն մէջ՝ լեռնային գորշ, գետերու հովիտներուն մէջ՝ ալիւուիալ հողերը։

Կենդանական Աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն կան արջ, գայլ, լուսան, աղուէս, փորսուղ, այծյամ, վարազ, եղջերու։ Կլիմային կը վարժուին նախկինին մէջ, համարեայ լրիւ ոչնչացուած զուբրերն ու կուղբերը։

Օտգակար Հանածոներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի ընդերքը հարուստ է ածուխի, պղինձի, ծծումբի, գազի, արծաթի, կապարի եւ աղի պաշարներով[20]։

Լեհաստանի Սեյմը (խորհրդարան)
Անջեյ Դուդա՝ Լեհաստանի նախագահ

Լեհաստանը խորհրդարանական Հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1952-ին։ Պետութեան իշխանութեան բարձրագւյն մարմինը միապալատ սեյմն է. կ'ընտրուի համընդհանուր, ուղղակի եւ հաւասար ընտրական իրաւունքով՝ փակ գաղտնի քվեարկութեամբ։ Պետութեան բարձրագոյն գործադիր-կարգադրիչ մարմինը կառավարութիւնն է, որուն կը նշանակէ սեյմը։ Երկրի ղեկավարը կը համարուի նախագահը, ով կ'ընտրուի համաժողովրդական ընտրութիւններու արդիւնքին մէջ։ Դատական համակարգը կը կազմեն՝ գերագույն դատարանը, վոյեվոդութիւններու, պովյատներու եւ քաղաքային դատարաններն ու յատուկ դատարանները։

Լեհաստանի բնակչութեան շարժը

Բնակչութեան աւելի քան 96.9%-ը լեհեր[21] ։ Կ'ապրին նաեւ ուքրանացիներր, բելառուսներ, սլովակներ։ Պաշտօնական օրացոյցը Գրիգորեանն է, տիրապետող կրօնը՝ կաթողիկէութիւնըը։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 կմ2 վրա 123 մարդ է (2015): Քաղաքային բնակչութիւնը՝ 60,5[21]%: Խոշոր քաղաքներն են՝ Վարշավան, Լոձը, Կրակովը, Վրոցլավը, Պոզնանը, Գդանսկը, Գդինեան, Շչեցինը, Բիդգոշչը, Լյուբլինը, Կատովիցեն։

Վարշավա՝ Լեհաստանի տնտեսական եւ ֆինանսական կեդրոն

Լեհաստանը Հետարդիւնաբերական երկիր է։ ՀՆԱ-ի մեջ արդիւնաբերութեան բաժինը 2014-ին կազմած է 32%[22], գիւղատնտեսութեան՝ 3,7%[22]: Արեւմտեան սեկտորի տեսակարար կշիոը ազգային եկամտի մէջ կազմած է 81,6%: Լեհաստանը ՏՓԽ-ի անդամ էեւ անոր շրջանակներուն մէջ, կը մասնագիտանայ մեքենաշինական արտադրանքի թողարկման մէջ, կը մատակարարէ նաեւ քարածուխ, կոքս, պղինձ, ցինկ, ծծումբ, կերակրի աղ, քիմիկատներ, դեղորայք, լայն սպառման ապրանքներ, գիւղատնտեսական արտադրանք։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ ՀՆԱ-ների շարժի տեմպերը 1990-2014 թթ.

Արդիւնաբերութեան կարեւոր ճիւղերէն է լեռնագործութիւնը։ Քարածուխի եւ ծծմբի արտահանութեամբ աշխարհին մէջ, կը գրաւէ երկրորդ տեղը։ Քարածուխի արդիւնահանութեան 3/4-ը կեդրոնացած է Վերին Միլեզիայի աւագանին մէջ։ Կոքսացուող քարածուխ կ'արդիւնահանուի նաեւ Ներքին Սիլեզիայի աւազանին մէջ։ Նաֆթի պաշարները կը կազմեն 156 մլն բարել (2014): Բնական գազի պաշարները 2014-ին կազմած են 92 մլր խմ3 գլխաւոր շրջանը Սանդոմեժի գոգաւորութիւնն է։ Մեքենաշինութիւնը աչքի կ'իյնայ մետաղատարութեամբ, արտադրանքի բազմազանութեամբ։ Անոր արտադրանքի արտահանութեան մօտ 1/3-ը կը կազմեն տրանսպորտային միջոցները։ Նավաշինութեան կեդրոններն են՝ Գդանսկ, Գդինյա, Շչեցին, ավիաշինութեան՝ Վարշավա, Մելեց, Սվիդնիկ, վագոնաշինութեան՝ Սվիդնիցա, Զելյոնա Դուրա, Վրոցլավ: Կայ սինթետիկ թելերու կիսաարտադրանքի (Տորուն եւ Գոժուվ, Վելկոպոլսկի քաղաքներուն մէջ), դեղագործութեան եւ ֆոտոքիմիայի (Վարշավա, Կրակով, Զելյոնա Գուրա), օծանելիքներ (Պոզնան, Լոձ, Կրակով), ռետինի (Գլուձյոնձ եւ Լոձ), աուտոդողերու (Օլշտին, Դեմբիցա, Պոզնան), ապակու, հախճապակեայ եւ ճենապակեայ իրերու արտադրութին։ Անտառային եւ փայտամշակման արդիւնաբերութիւնը ներքին պահանջմունքներէն բացի արտահանութեան համար կու տայ սղոցանիւթ, կահոյք, լուցկի, թուղթ։ Տեքստիլ արդիւնաբերութիւնը հնագոյն ճիւղերէն է։ Կը ձգէ բամբակեայ, վուշեայ, բուրդէ, մետաքսէ եւ կիսամետաքսէ գործուածքներ, տրիկոտաժ՝ հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Լոձի եւ Սուդետներու (Ներքին Սիլեզիայի) շրջաններուն մէջ, Բելսկո Բյալա Չենստոխովա եւ Բելոստոկ քաղաքներուն մէջ ու անոնց շրջակայքին մէջ։ Զարգացած է կաշվի-կօշկեղենի արտադրութիւնը։ Սնուդի արդիւնաբերութիւնը կը ձգէ շաքար, օղի, հրուշակեղէն, մսամթերքներ, իւղ, ծխախոտ, գարեջուր, մարգարին, ձկնեղեն։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լեհաստանի գլխաւոր նաւահանգիստ Գդինեայ քաղաքը

Գիւղատնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ մանր ապրանքային կացութաձեւը։ Անհատական գյուղացիական տնտեսութիւնները կու տան գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի մօտ 80%-ը։ Ընկերային բաժիններուն մէջ, օգտագործուած է գիւղատնտեսական հանդակներու տարածութեան 21 %-ը։ Կը զարգանոան ինչպէս արտադրական կոռպերատիվները, այնպէս ալ գիւղատնտեսական խմբակները։ Գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի կառուցուածքին մէջ բուսաբուծութեանը բաժին կ'իյնայ 54,8, անասնապահութեանը՝ 45,2%-ը։ Ապրանքային արտադրանքին մէջ, յարաբերակցութիւնը հակառակն է՝ համապատասխանաբար 35,4%, 64,6%: Ցանքատարածութեան կառուցուածքին մէջ հատիկային կուլտուրաները կը զբաղեցնեն 57,5, կարտոֆիլը 18,2, տեխնիկական կուլտուրաները 6,3, կերային կուլտուրաները 14,9%: Լեհաստանը աշխարհի 2-րդ տեղը կը գրաւէ տարեկանի եւ կարտոֆիլի բերքով։ Անասնապահութեան գլխաւոր ճիւղերն են խոզաբուծութիւնը եւ խոշոր եղջերաւոր անասուններու բուծումը։ Զարգացած է թռչնաբուծութիւնն ու ձկնորսութիւնը։

Լեհաստանի Վրոցլավի երկաթուղային կայարանը

Երկաթուղիներու երկարութիւնը 19,837 կմ[23] է։ Աւտոճանապարհներու երկարութիւնը 412,035 քմ է, ներքին ջրային նաւարկելի ուղիներինը՝ 6,6 հզ. քմ[24] (գլխաւոր ջրային ուղին Օդրա գետն ու Գլիվիցեի ջրանցքն են): Կարեւոր նաւահանգիստներն են՝ Շչեցին՝ Սվինոույսցեի հետ, Գդինեայ եւ Գդանսկ: Վարշավայի Օկենցէ գլխաւոր օդանավակայանը ունի միջազգային նշանակութիւն։

Արտաքին Տնտեսական Կապեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտահանութեան ծաւալը 2014-ին կազմած է 219 մլր դոլար[22], հիմնական գործընկեր պետութիւններն են՝ Գերմանիան, Մեծ Բրիտանիան, Չեխիան, Ֆրանսան, Ռուսաստանը, Իտալիան եւ Նիդեռլանդները[22]: Կ'արտահանեն մեքենաներ եւ արդիւնաբերական սարքաւորում, լայն սպառման ապրանքներ, քարածուխ, ցինկ, պղինձ, սեւ մետաղներու գլանուածք եւն[22]:

Ներմուծումը 2014-ին կազմած է 217 մլր տոլար[22], հիմնական գործնկեր պետութիւններն են՝ Գերմանիան, Ռուսաստանը, Նիդեռլանդները, Չինաստանը, Իտալիան, Չեխիան եւ Ֆրանսան[22]: Կը ներմուծեն մեքենաներ եւ կը սարքաւորեն, նաֆթ եւ նաֆթամթերքներ, երկաթի հանքանիւթ, հացահատիկ եւ այլն[22]:

Առողջապահութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակչին 9,74[25] մահացութիւնը՝ 10,9[25], կյանքի միջին տեւողութիւնը (2014)՝ 77,4 տարի է[25]: Տարածուած են սիրտանոթային համակարգի հիւանդութիւնները, չարորակ նորագոյացութիւնները։ Գոյութիւն ունի առողջապահութեան պետական համակարգ։ 2014-ին Լեհաստանի մէջ եղած է 3,682 հիւանդանոց՝ 1,217 մլն. մահճակալով, 5640 ծննդատուն։ Գործած են շտապ օգնութեան 431 կայան։ Բժիշկներ եւ դեղագործներ կը պատրաստեն բժշկական 10 ակադեմիաները (Վարշավայի, Բելոստոկի, Գդանսկի, Կրակովի, Լյուբլինի, Լոձի Պոզնանի, Շչեցինի, Վրոցլավի, Կատովիցի) մէջ: Առողջարաններէն յայտնի են՝ Կրինիցա, ժեգեստուվ, Շչավնիցա, Ռաբկա, Պոլյանիցա-Զդրույ, Ցեպլիցե, Բուսկո-Զդրույ, Ցեխոցինեկ, Լյոնչեկ-Զդրույ, Սոպոտ, Կոլոբժեգ, Զակոպանէ։

Լուսաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10—11-րդ դարերուն եկեղեցիներուն եւ տաճարներուն կից ստեղծուած են լատիներէն լեզուով առաջին դպրոցները։ 13—14-րդ դարերուն կազմակերպուած են քաղաքային դպրոցներ՝ Լեհերէնով։ Այդ կապուած էր Վերածնունդի եւ Ռեֆորմացիայի հետ, ըստ որուն կարեւոր դեր կատարած է Ցագելլոնի համալսարանը։ Մինչեւ 17-րդ դարը ներառեալ դպրոցները կ'ենթարկուէին ճիզվիտական միաբանութեան։ 1773—1775-ի բարելաւումներով ուսուցումը դարձաւ աշխարհիկ եւ Լեհերէն: Լեհաստանի բաժանումը բացասական ազդեցուիուն ձգած է կրթական գործի վրայ եւս։ 1918-ին դպրոցները եւ համալսարանները վերականգնուեցան, բայց ժողկրթութեան մակարդակը երկար ժամանակ խիստ ցածր էր։ Գերմանա-ֆաշիստական օկուպացիայի ժամանակ դպրոցներու մեծ մասը ոչնչացուած է։ Ժողովրդական Լեհաստանի մէջ, ստեղծուած է պետական դպրոցական համակարգ, մանկապարտէզ (3—7 տարեկան երեխաներու համար), պարտադիր հիմնական դպրոց (8-ամեայ), միշնակարգ հանրակրթական դպրոց, որ աւարտողն իրաւունք կը ստանայ բուհ ընդունուելու։ Ունի նաեւ տարրական եւ միջնակարգ մասնագիտական դպրոցներ։ 1973-ին որոշուած է անցնիլ համընդհանուր 10-ամեայ միջնակարգ կրթութեան։ Խոշորագոյն բուհերն են Ցագելլոնի եւ Վարշաւայի համալսարանները, պոլիտեխնիկական հիմնարները, գիւղատնտեսական եւ մանկավարժական բարձրագոյն դպրոցները, բժշկական ակադեմիան։ Գրադարանները՝ Ազգային գրադարանը Վարշավայի մէջ, Ցագելլոնի, Վարշավայի եւ Պոզնանի համալսարաններու գրադարանները, թանգարանները՝ Ազգային եւ Պատմութեան (Վարշավայի եւ Կրակովի մէջ):

Գիտութիւն եւ Գիտական Հիմնարկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտութեան եւ տեխնիկայի պետական կառավարման բարձրագոյն մարմինը բարձրագոյն կրթութեան եւ տեխնիկական գիտութիւններոպ նախարարութիւնն է (կազմակերպուած է 1972-ին): Հետազոտութիւնները կը տարուին ԳԱ հիմնարկներու, բուհերու եւ գերատեսչական գիտական հիմնարկներուն մէջ, որոնց մէջ կը մտնեն (1973) 112 ԳՏԻ, 25 լաբորատորիա, 103 գիտահետազոտական կեդրոն, ժողտնտեսութեան գիտատեխնիկական բազայի 651 ինքնուրոյն կեդրոն, 1670 ֆաբրիկագործարաէհսյին գիտահետազոտական կեդրոն։ Լեհաստանի գիտական հիմնարկները կապ ունին 116 երկրի գիտական հիմնարկներու հետ։ Լեհաստանը անդամ է 140 միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու։

Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեհաստանի տարածքին մէջ, հնագոյն ճարտարապետական յուշարձանները Բիսկուպինի փայտյա կառոյցներն են (մ. թ. ա. մոտ 550—400): Պահպանվել X—XI դդ. պաշտամունքային եւ աշխարհիկ քարէ կառոյցներու մնացորդներ։ Ռոմանական ոճի զարգացումը կապուած էր ֆեոդալիզմի հաստատման հետ (Տումի, Կրակովի բազիլիկ կոստյոլները, XI—XII դդ.): XIII դարէն աճած են քաղաքները, կազմաւորուած են անոնց կեդրոններու անսամբլները, ստեղծուած նոր տիպեր (աշտարակաւոր ռատուշա, տնտեսական կառոյցներ եւ այլն): Ժողովրդական իշխանութեան հաստատումէն ետք, վերակառուցուած են 1939—1945-ի պատերազմի հետեւանքով աւերուած քաղաքները։ Հետպատերազմեան ճարտարապետական զարգացման ընթացքին, մեծ դեր խաղացած են աւագ սերունդի ճարտարապետ Շ. Սիրկուսը, Բ. Պնեւսկին, Բ. եւ Ս. Բրուկալսկիները եւ ուրիշները։ Պատմական ոճերով հրապուրուելու շրջանէն (Սահմանադրութեան հրապարակը Վարշավայի մէջ) ետք, 1950-ական թթ. վերջին առաջացած է ձեւերու ռացիոնալ պարզեցման ձգտումը։ 1960-ական թթ. հասարակական շէնքերուն բնորոշ են հատակագծերու ֆունկցիոնալ նպատակահարմարութիւնը, կառուցուածքային լուծումներու իւրօրինակութիւնը, տիպային կառուցուածքային օղակներու ռիթմիկ համադրումը (Ուսանողուհիներու հանրակացարանը Կրակովի մէջ, «Սուպերսամ» խանութը Վարշավայի մէջ, «Մերկուրի» հիւրանոցը Պոզնանի մէջ):

Լեհաստանի երաժշտական մշակոյթը իր բնոյթով նման է սլաւ, միւս ժողովուրդներու երաժշտական արուեստին։ Հնագոյն ժողովրդական գործիքներէն պահպանուած են փայտէ թակիչներ, դափեր, սուլիչներ, որոնց նուագակցութեամբ կը կատարուին ծիսական ժողովրդական երգեր։ Ժողավրդական գործիքներէն են նաեւ՝ ջութակը, մազանկան, մարինան (աղեղնաւոր եւ կսմիթաւոր), լիգավկան, բազունան, տրոմբիտան (փողային): Ժողովրդական պարերէն են՝ պոլոնէզը, կրակովեակը, մազուրկան, կույաուեակը, օբերեկը։ Ազգային եւ ժողովրդական երաժշտութեան սկզբունքներուն հետեւելով զարգացման նոր ուղիներ որոնած են «Երիտասարդ Լեհաստան» խմբաւորման կոմպոզիտորներ Մ. Կառլովիչը, Լ. Ռուժիցկին, Կ. Շիմանովսկին։ Լեհաստանի մէջ, կը գործեն 21 սիմֆոնիկ նուագախումբ, 10 օպերային թատրոն, 9 օպերետային թատրոն, 7 բարձրագոյն, մօտ 120 միջնակարգ եւ տարրական երաժշտական դպրոցներ։ Անց կը կացուին միշազգային մրցոյթներ Վարշավայի մէջ՝ Շոպենի անվ. դաշնակա֊ հարներու, Վենյավսկու անուան Ջութակահարներիու(1935-էն), որ 1952-էն տեղի կ'ունենայ Պոզնանի մէջ, փառատոներ (1956-էն ժամանակակէն երաժշտութեան՝ «Վարշաւեան աշուն», 1966-էն Բիդգոշչում՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, հնագոյն երաժշտութեան, Սոպոտին մէջ՝ էստրադային երգի): Հանրաճանաչ են ժողովրդական երգի եւ պարի «Մազովշէ» եւ «Շլյոնսկ» անսամբլները։ Տարբեր տիպի միաւորումներէն է 1870-ից գոյատեւող Վարշավայի երաժշտական ընկերութիւնը։

Լեհաստանի մէջ, ֆիլմերու կանոնաւոր արտադրութիւնը սկսած է 1908-1914-ին։ 1910—1930-ական թթ. Հիմնականին մէջ էկրանաւորուած են ազգային գրական երկեր եւ կինոկոմեդիաներ։ Նշանակալի երեույթ էր «Ատարտ» (1930) եւ «Կինոհեղինակների կոոպերատիւ» կինոմիաւորումներու ստեղծումը, որոնց ֆիլմերը ուղղուած էին գաղափարազուրկ, շահութաբեր կինոարտադրանքի դէմ։ Կինոյի վերածնունդը սկսած է ժողովրդական կարգերու հաստատումէն ետք։ 1945-ին կինոարտադրութիւնը ազգայնացուած է, ստեղծուած «Ֆիլմ պոլսկի» պետական ստուդիան։ Հիմնականին մէջ, նկարահանուած են պատերազմի ու ֆաշիստական օկուպացիայի ողբերգական դէպքերուն նուիրուած կինոնկարներ։ Առաւել նշանաւոր ֆիլմը «Վերջին հանգրվան»-ն է (1948, ռեժ. Վ. Ցակուբովսկի): 50-ական թթ. նկարահանուած են բնոյթով նորարարական ֆիլմեր՝ «Սերունդ» (1955), «Կանալ» (1957), «Մոխիր եւ ալմաստ» (1958, երեքի ռեժ. Ա. Վայդա), «Մեծ պատերազմի իսկական ավարտը» (1957, սովետական պրոկատում՝ «Դա մոռանալ չի կարելի», ռեժ. Ե. Կավալերովիչ): Հետագային եւս պատերազմի թեման կրկին ու մեծ ուժով բարձրացուած է՝ «Ուղեորուհին» (1963, ռեժ. Ա. Մունկ), «Բնանկար ճակատամարտէն ետք» (1970, ռեժ. Ա. Վայդա) եւ այլ ֆիլմերու մէջ։ էկրանաւորուած են լեհ դասական գրողներու երկերը՝ Ս. ժերոմսկու «Մոխիր» (1965, ռեժ. Ա. Վայդա), Բ. Պրուսի «Փարավոն» (1966, ռեժ. Ե. Կավալերովիչ), Հ. Աենկեիչի «Պան Վալադիեսկի» (1969) եւ «Ջրհեղեղ» (1974, ռեժ. Ե. Հոֆման): Զարգացած է վավերագրական (ռեժ, Ե. Բոսակ, Վ. Կազմերչակ եւ ուրիշներ) գիտամասսաեական (ռեժ. Վ. Պուխալսկի Ս. Գրաբովսկի), մուլտիպլիկացիոն (ռեժ եւ նկարիչ՝ Ցա. Լենիցա, Զ. Օլդակ, Վ. Գերշ եւ ուրիշներ) ֆիլմերու արտադրութիւնը։

Հայերը Լեհաստանի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տակաւին 14-15-րդ դարերուն Լեհաստանի մէջ, ապաստան գտած են մեծ թիւով հայ գաղթականներ, որոնք դարեր շարունակ հաշտ ու խաղաղ ապրած են տեղի բնակչութեան հետ։ Լեհաստանի հայ գաղութը ստուարացած է յատկապէս Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի կործանումէն ետք։ Անոնց մեջ եղած են հմուտ արհեստաուորներ, երկրագործներ, առեւտրականներ, որոնք ըստ ամենայնի նպաստած են լեհական պետութեան զարգացմանը, հարկ եղած դէպքին մէջ զէնքով պաշտպանել երկրի անվտանգութիւնը։ Ներկայիս Լեհաստանի մէջ, կը բնակի 92.000 հայ, որոնց մեծ մասը Հայաստանէն արտագաղթած են վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին։ Անոնց մէկ մասը լեհ հասարակութեան մէջ որոշակի դիրքի հասած է. զբաղուած են պետական կառոյցներու մէջ, գիտութեան ու մշակոյթի բնագավառներուն մէջ։ 1980 թ.-էն Կրակովի մէջ, կը գործեն Հայ մշակոյթի համակիրներու շրջանակը (ընկերութիւն), 1985 թ.-ից՝ Հայ մշակութային ընկերութիւնը Archived 2015-02-23 at the Wayback Machine., որոնց նպատակն է համախմբել լեհահայութեան, վերականգնել անոնց մշակութային աւանդութիւններն ու կապեր հաստատել Հայաստանի հետ։ Կը գործէ Սուրբ Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցին Գլիվիցի մէջ, միակ առաքելական Սուրբ Վասիլ եկեղեցին Վարշավայի մէջ։

Քաղաքի Տեսարաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://stat.gov.pl/en/topics/population/population/population-size-and-structure-and-vital-statistics-in-poland-by-territorial-divison-as-of-december-31-2019,3,27.html
  2. 1 // Limits of Oceans and Seas, Limits of the Oceans and Seas // Nature / M. Skipper — 3 — IHO, 1953. — Vol. 172, Iss. 4376. — P. 484–484. — ISSN 1476-4687; 0028-0836
  3. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ ISBN 99941-56-03-9 
  4. Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Յարութիւնեան (1987)։ Աշխարհագրական անուններու բառարան։ Երևան: «Լույս» 
  5. Maciej Kosiński, Magdalena Wieczorek-Szmal (2007). "Z mroku dziejów. Kultura Łużycka". Muzeum Częstochowskie.
  6. Teeple, J. B. (2002). Timelines of World History. Publisher: DK Adult.
  7. Frucht, Richard C., ed. (2004). Eastern Europe: An Introduction to the People, Lands, and Culture
  8. Jerzy Wyrozumski – Historia Polski do roku 1505 (History of Poland until 1505), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986.
  9. Norman Davies (1996). Europe: a history. Oxford University Press. p. 428.
  10. "Jagiellon dynasty (European history)". Encyclopædia Britannica.
  11. Davies (2007). Warfare, State and Society on the Black Sea Steppe,1500–1700.. p.17.
  12. "The Crimean Tatars and their Russian-Captive Slaves". Eizo Matsuki, Mediterranean Studies Group at Hitotsubashi University.
  13. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1505–1764 (History of Poland 1505–1764), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986.
  14. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1505–1764 (History of Poland 1505–1764), p. 105-173.
  15. "Poland – The 17th-century crisis". Britannica Online Encyclopedia.
  16. Józef Andrzej Gierowski – Historia Polski 1764–1864 (History of Poland 1764–1864), Państwowe Wydawnictwo Naukowe (Polish Scientific Publishers PWN), Warszawa 1986, p. 1-74
  17. Marc Ferro. Comment on raconte l'histoire aux enfants. Payot, Paris. 106, Boulevard Saint-Germain, 1986
  18. «Լեհաստանի տարածքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  19. «Լեհաստանի սահմանները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  20. «Լեհաստանի օգտակար հանածոներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  21. 21,0 21,1 «Լեհաստանի Բնակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  22. 22,0 22,1 22,2 22,3 22,4 22,5 22,6 22,7 «Լեհաստանի Տնտեսութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  23. «Լեհաստանի Փոխադրութեան Համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05 
  24. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Լեհաստանի փոխադրութեան Համակարգ
  25. 25,0 25,1 25,2 «Լեհաստանի Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-05