Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը![]()
Եզրը կը գործածուի առաջին կայսր՝ Օգոստոսի կառավարումէն սկսեալ մինչեւ 476-ին, Հին Հռոմի պատմութիւնը բնութագրելու համար։ Կայսրութեան նախորդող եւ 500-Ամեայ պատմութիւն ունեցող Հռոմի Հանրապետութիւնը տկարացած էր բազմաթիւ քաղաքացիական պատերազմներու պատճառով (քաղաքացիական պատերազմներուն ընթացքին բազմաթիւ ծերակուտականներ սպաննուած էին եւ Ծերակոյտին մէջ կը գերակշռէին Առաջին կամ Երկրորդ եռապետութեան այս կամ այն մասնակիցներուն աջակիցները)։ Պատմաբանները կը մատնանշեն շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կը բնութագրեն հանրապետութենէն կայսրութիւն անցումը, ներառեալ՝ Յուլիոս Կեսարի հռչակումը իբրեւ ցմահ միապետ (Ք.Ա. 44-ին), Աքթիոնի նաւամարտը (Ք.Ա. 2 Սեպտեմբեր 31-ին ), եւ Սենատին (Ծերակոյտին) կողմէ Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին կոչման շնորհումը (Ք.Ա. 4 Յունուար 27-ին) (Օքթավիանոս շատ խորամանկ քաղաքական գործիչ մըն էր․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 12 290-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը![]() |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 12 290 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝