Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը![]()
Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին՝ Քառասնորդաց Պահքը կը սկսի Բուն Բարեկենդանի յաջորդ օրը: Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատիկ, Մեծ Պահքի շրջան կը կոչուի: Ան մեծ կը կոչուի պահքերուն մէջ ամէնէն երկարատեւը (քառասուն օր) ըլլալուն համար: Այս պահքը կը կոչուի նաեւ Քառասնորդաց, քառասուն օր տեւելուն պատճառով: Ժամանակին կը կոչուէր նաեւ Աղ ու հաց: Հին ժամանակ՝ աղ ու հաց կ'ուտէին Մեծ Պահոց որոշ օրերուն: Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութ շաբաթէ, Առաջաւորացն ալ միասին հաշուելով: Բայց քանի որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն պահեցողութիւնը արգիլուած էր նզովքով (կանոն Թադէոս Առաքեալի, 27) հետեւաբար ութ շաբաթներէն Կիրակիներն ու Շաբաթները զեղչելով (16 օր), կը մնան Մեծ Պահքի քառասուն օրերը: Պահք կամ պաս՝ կը նշանակէ հրաժարիլ որոշ տեսակի կերակուրներէ, յատկապէս մսեղէնէ, կաթնեղէնէ, հաւկիթէ եւ նուիրուիլ զղջումի, ինքնաքննութեան եւ ապաշխարութեան: Քառասուն օրերը կապուած են Քրիստոսի անապատ քաշուած միջոցին քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ: Իրականութեան մէջ, քառասնօրեայ պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը` Ճրագալոյց, Ս. Զատկուան նաւակատիքն է: Քառասնօրեայ պահքին օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն` Մեծ պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան: Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 12239-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը![]() |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 12 239 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝